Որոնել

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ 

«ՕԹԱՆ-ը այս շաբաթ պիտի պատասխանէ անվտանգութեան վերաբերեալ Ռուսական առաջարկներուն» կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 17 դեկտեմբերին շրջանառութեան մէջ դրած էր Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի կողմէ իրաւական անվտանգութեան երաշխիքներու տրամադրման վերաբերեալ ռուսական երկու փաստաթուղթերու նախագիծ:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարած է, որ դաշինքը այս շաբաթ գրաւոր պատասխան պիտի ուղարկէ անվտանգութեան երաշխիքներու վերաբերեալ ռուսական առաջարկներուն` համակարգելով Միացեալ Նահանգներուն հետ: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Սթոլթենպերկի «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցին:

«Մենք կ՛աւարտենք ՕԹԱՆ-ին ուղարկուած առաջարկներու գրաւոր փաստաթուղթը, որ մենք այս շաբաթավերջին պիտի ուղարկենք: Մենք ատիկա պիտի ընենք Միացեալ Նահանգներուն հետ միասին», ըսած է Սթոլթենպերկ:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 17 դեկտեմբերին շրջանառութեան մէջ դրած էր Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի կողմէ իրաւական անվտանգութեան երաշխիքներու տրամադրման վերաբերեալ ռուսական երկու փաստաթուղթերու նախագիծ:

Նախքան այդ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ՕԹԱՆ-ին կոչ ուղղած էր` Ռուսիոյ անվտանգութեան յուսալի եւ երկարաժամկէտ երաշխիքներ ապահովելու համար առարկայական բանակցութիւններու սկսելու: Ան բացատրած էր, որ Մոսկուային իրաւական երաշխիքներ պէտք են, որովհետեւ արեւմտեան գործընկերները չեն կատարած իրենց համապատասխան բանաւոր պարտաւորութիւնները:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2022, 08:48