Որոնել

հայկական եկեղեցին հայկական եկեղեցին 

Իրանի Պուշեհր քաղաքին մէջ Հայկական եկեղեցի մը վերանորոգուած է

Վերակառուցման ենթարկուած են վանքի հին շէնքը, ներքին բակը եւ այլ շինութիւնները: Բացի ատկէ, աշխատանքներ կը տարուին տաճարի տարածքին մէջ տապանաքարերը փաստաթղթաւորելու ուղղութեամբ:

Իրանի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Պուշեհր նաւահանգստային քաղաքին մէջ հայկական եկեղեցի մը վերանորոգուած է:

Ունկնդրէ լուրը

«Սփութնիք Արմենիա», յղում կատարելով «Թեհրան Թայմզ»-ին, կը հաղորդէ, որ աւարտած է հայկական եկեղեցիի տարածքի բարեկարգման ու մաքրութեան ծրագիրը, տեղւոյն իշխանութիւնը կը նախատեսէ մօտիկ ապագային այցելուներու համար բանալ պատմական յուշարձանը:

Վերակառուցման ենթարկուած են վանքի հին շէնքը, ներքին բակը եւ այլ շինութիւնները: Բացի ատկէ, աշխատանքներ կը տարուին տաճարի տարածքին մէջ տապանաքարերը փաստաթղթաւորելու ուղղութեամբ:

Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Պուշեհրի հայկական եկեղեցին նաւահանգստային քաղաքի կարեւոր եւ նշանակալի պատմական յուշարձաններէն է:

«Իրանը տուն է բազմաթիւ եկեղեցիներու, մատուռներու եւ տաճարներու: Արեւելեան Ազրպէյճան ու Արեւմտեան Ազրպէյճան նահանգներու Սուրբ Թադէի, Սուրբ Ստեփանոսի եւ Ծործորի (Ձորձոր) եկեղեցիները 2008 թուականին ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ», նշուած է հրապարակումին մէջ:

Պուշեհրի հայկական եկեղեցին կառուցուած է Քաճարի տոհմի իշխանութեան օրերուն (1795-1925) Աւադեան ընտանիքին կողմէ, որ նաւահանգստային քաղաքի յայտնի հայ ընտանիքներէն մէկն էր:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2022, 08:58