Որոնել

Արկածէն առնուած լուսանկար Արկածէն առնուած լուսանկար 

Հնդկաստանի մէջ գնացքի 12 վակոն դուրս եկած է գիծերէն

Գնացքի արկածը տեղի ունեցած է Արեւմտեան Պենկալի նահանգին մէջ: Անծանօթ պատճառով 12 վակոն դուրս եկած է գիծերէն եւ իրարու բախած: Անոնցմէ երկուքը կողաշրջուած են:

Հնդկաստանի մէջ ճամբորդատար գնացքի 12 վակոն դուրս եկած է գիծերէն, այդ պատճառով ալ արձանագրուած է 9 զոհ եւ 70 վիրաւոր: «Նիուզ 18» կը հաղորդէ, որ այս մասին տեղեկացուցած է Հիւսիսարեւելեան սահմանային երկաթուղիի ընդհանուր տնօրէն Անշուլ Կուփթան:

Գնացքի արկածը տեղի ունեցած է Արեւմտեան Պենկալի նահանգին մէջ: Անծանօթ պատճառով 12 վակոն դուրս եկած է գիծերէն եւ իրարու բախած: Անոնցմէ երկուքը կողաշրջուած են:

Կուփթայի համաձայն, փրկարարական աշխատանքները արդէն աւարտած են, կը կատարուի հետաքննութիւն: Արկածին ժամանակ գնացքը 1053 մարդ կը տեղափոխէր:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2022, 08:00