Որոնել

Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւն մը այցելեց Երեւան Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւն մը այցելեց Երեւան  

Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւն մը այցելեց Երեւան քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան հայ-ազրպէյճանական սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացի շուտափոյթ մեկնարկն ու այդ նպատակով համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորումը, հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ իրավիճակի լիցքաթափման ու կայունութեան ապահովման վերաբերող քայլերը:

Երէկ` ուրբաթ, 21 յունուար 2022-ին, Երեւան այցելեց Եւրոպական Միութեան խորհուրդին մէջ ֆրանսական նախագահութեան ներկայացուցիչ Իզապել Տիւմոնի եւ Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի գլխաւորած առաքելութիւնը: Անոնք հանդիպումներ ունեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան հայ-ազրպէյճանական սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացի շուտափոյթ մեկնարկն ու այդ նպատակով համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորումը, հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ իրավիճակի լիցքաթափման ու կայունութեան ապահովման վերաբերող քայլերը:

Միտքեր փոխանակուեցան Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահին, ինչպէս նաեւ Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին ու Ֆրանսայի նախագահին միջնորդութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքներուն ու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն իրականացման վերաբերեալ: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ նաեւ զինադադարի դրութեան լիակատար պահպանումը, ինչպէս նաեւ` Ազրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ ռազմատենչ հռետորաբանութենէ հրաժարիլը:

Ընդգծուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մնայուն լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին ներքեւ խաղաղ գործընթացի լիարժէք գործարկման եւ համանախագահներու գործունէութեան աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ 44-օրեայ պատերազմին պատճառով յառաջացած մարդասիրական խնդիրներուն, եւ, ըստ հայկական կողմին, Տիւմոնն ու Քլաարը ընդգծեցին, որ Եւրոպական Միութիւնը աշխուժ աշխատանք կը տանի ռազմագերիներուն շուրջ ստեղծուած ճգնաժամը շուտափոյթ լուծելու ուղղութեամբ: Այս ծիրին մէջ շեշտը դրուեցաւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու անյապաղ հայրենադարձման վրայ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2022, 09:50