Որոնել

միջազգային կարմի խաչի պատուիրակութիւնը։ միջազգային կարմի խաչի պատուիրակութիւնը։ 

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 44օրեայ պատերազմէն ետք յայտնաբերուեցան առաւել քան 1700 աճիւններ

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն այն քիչ միջազգային կառոյցներէն է, որոնք մարդասիրական առաքելութիւն կը կատարեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

2020ի աշնան ծաւալած Ղարաբաղի 44օրեայ պատերազմէն ետք, պատերազմական գօտիին մէջ յայտնաբերուեցան առաւել քան 1700 աճիւններ, հարիւրաւոր մարդիկ տակաւին անհետ կորսուած կը նկատուին: Այս տեղեկութիւնները տուաւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ):

Ունկնդրէ լուրը

ԿԽՄԿն այն քիչ միջազգային կառոյցներէն է, որոնք մարդասիրական առաքելութիւն կը կատարեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

«Շուրջ 300 անձեր տակաւին անհետ կորսուած կը նկատուին 2020ին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր: Նոյեմբեր 2020ին, զինադադարի համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք յայտնաբերուեցան առաւել քան 1700 անձերու աճիւնները, եւ սկսաւ անոնց ինքնութիւնը պարզելու եւ զանոնք ընտանիքներուն վերադարձնելու գործընթացը», կ՛ըսուի կառոյցի պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2022, 08:42