Որոնել

Եւրոպական միութեան դրօշակը Եւրոպական միութեան դրօշակը 

ԵԽԽՎ-ն նոր ղեկավար ունի

Քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է ԵԽԽՎ-ի ձմեռնային նստաշրջանի նիստի ընթացքին

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նոր նախագահ ընտրուած է նետերլանտցի ծերակուտական Թինի Քոքսը: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը վկայեն քուէարկութեան արդիւնքները, որոնք երկուշաբթի օր ներկայացուցած է նիստի նախագահը:

Քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է ԵԽԽՎ-ի ձմեռնային նստաշրջանի նիստի ընթացքին: Քոքսի թեկնածութեան ի նպաստ քուէարկած է 164 մարդ: Անոր մրցակիցը` ԵԽԽՎ-ի մէջ ուքրանական պատուիրակութեան ղեկավար, Գերագոյն Ռատայի երեսփոխան Մարիա Մեզենցեւան ստացած է 80 քուէ:

Քոքս նետերլանտական Ընկերվարական կուսակցութեան անդամ է եւ ԵԽԽՎ-ի մէջ «Միաւորուած եւրոպական ձախեր»-ու խումբի ղեկավարը: Ան այդ պաշտօնին վրայ փոխարինած է պելճիքացի ծերակուտական Հենտրիք Տամսը:

ԵԽԽՎ-ի ղեկավարը կ՛ընտրուի վեհաժողովի ներկայացուցիչներէն, երկու տարուան ժամկէտով:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2022, 08:42