Հայաստան հաստատեց իր մասնակցութիւնը Սոչիի մէջ նախատեսուած եռակողմ բանակցութիւններուն։ Հայաստան հաստատեց իր մասնակցութիւնը Սոչիի մէջ նախատեսուած եռակողմ բանակցութիւններուն։ 

Հայաստան հաստատեց իր մասնակցութիւնը Սոչիի մէջ նախատեսուած եռակողմ բանակցութիւններուն։

Հայաստան պատրաստ է բարձր եւ բարձրագոյն մակարդակներու վրայ հանդիպումներ, բանակցութիւններ ունենալ Ատրպէյճանի հետ` ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը հաստատեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութիւնը 26 Նոյեմբերին, Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք եռակողմ հանդիպման՝ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն մասնակցութեամբ:

Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը եւս հաստատեց լուրը՝ դիտել տալով, որ բանակցութիւնները յատկացուած են Արցախի հակամարտութեան գօտիին մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման յայտարարութեան միամեակին: «Նախատեսուած է քննարկել 9 Նոյեմբեր 2020ի եւ 11 Յունուար 2021ի` երեք երկիրներու ղեկավարներու պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդման եւ խաղաղ կեանքի հաստատման քայլերը: Յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի  առեւտրատնտեսական եւ հաղորդակցութեան կապերու վերականգնման եւ զարգացման», կը նշուի Քրեմլինի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

Այս մասին խօսեցաւ նաեւ Փաշինեան՝ լրատուամիջոցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն համար կազմակերպուած առցանց ասուլիսին ընթացքին՝ դիտել տալով, որ հայկական կողմը պատրաստ էր 9 Նոյեմբերին առցանց հանդիպիլ ատրպէյճանական կողմին հետ, եթէ այդ հանդիպումը յստակ խնդիր լուծեր, օրինակ` վերադարձուէին գերիները: «Հակառակ պարագայում առաջարկ է արուել փոխել հանդիպման օրը` հաշուի առնելով այդ օրուայ հետ կապուած հայկական կողմի ցաւոտ ընկալումը», յայտնեց ան՝ դիտել տալով, որ նկատի ունենալով, թէ նման համաձայնութիւն կարելի չէր գոյացնել, ինք առաջարկած է հանդիպումը իրականացնել 15 Նոյեմբերին։ Աւելի ուշ ծագած է գաղափար անձամբ հանդիպելու 26 Նոյեմբերին, եւ բոլորն ալ անոր համաձայն եղած են։

Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Դեկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին, որուն մասին լրագրողներ հարցուցին, թէ ինչո՛ւ Երեւան եւ Պաքու համաձայն եղած են հանդիպիլ՝ օգտագործելով Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի հարթակը, որ դուրս է ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ծիրէն. Փաշինեան յայտնեց, որ ասիկա նորութիւն չէ, որովհետեւ Եւրոպական Միութեան նախագահ Շարլ Միշել տակաւին ամրան՝ տարածաշրջանը կատարած իր այցելութեան ծիրին մէջ այդպիսի գաղափար տուած էր՝ ըսելով, որ Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողով տեղի պիտի ունենայ եւ կարելի է այդ ծիրին մէջ կազմակերպել նման հանդիպում մը: «Ես այդ գաղափարը չեմ մերժել, ընդունել եմ` ասելով, որ Դեկտեմբերին մօտ աւելի կը յստակեցնենք: Արդէն յայտնի հանգամանքներում նա զանգահարել է ե՛ւ ինձ, ե՛ւ Ադրբեջանի նախագահին, եւ մենք երկուստեք հաստատել ենք մասնակցութիւնը ե՛ւ գագաթնաժողովին, ե՛ւ գագաթնաժողովի շրջանակում պատրաստակամութիւն ենք յայտնել հանդիպել», ըսաւ Փաշինեան։

Ան նաեւ աւելցուց, որ ինք քանի մը անգամ յայտարարած է, թէ Հայաստան պատրաստ է բարձր եւ բարձրագոյն մակարդակներու վրայ հանդիպումներ, բանակցութիւններ ունենալ Ատրպէյճանի հետ` ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով: «Մենք ակնկալում ենք եւ սպասում ենք, որ նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութիւնը կազմակերպի այդպիսի հանդիպում», նշեց Փաշինեան:

Ըստ անոր՝ Պրիւքսէլի մէջ պիտի քննարկուին նաեւ մարդասիրական հարցեր, որոնց կարգին՝ գերիներուն վերաբերող: «Կարեւոր նրբութիւնը հետեւեալն է, որ մենք, այնուամենայնիւ, կը փորձենք տարբեր ֆորմատներում (ձեւաչափերու մէջ) քննարկուող օրակարգերը չխառնել մէկը միւսին։ Եւ ես չեմ կարծում, թէ ճիշդ է ձեւաւորել ակնկալիք` ամէն կոնկրետ (յստակ, որոշ) հանդիպումից` կամ ժխտական, կամ դրական, այդպիսի արագ արդիւնքների ակնկալիք պէտք չէ ձեւաւորել», յայտնեց Փաշինեան:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2021, 09:13