Որոնել

Պատուաստ Պատուաստ 

«Քորոնա»-ի «Օմիկրոն» տարբերակը զօրաշարժի մատնած է համաշխարհային առողջապահական մարզը

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը զգուշացուց պատկան կողմերը` թելադրելով փութալ ճամբորդութեան արգելքի կիրարկման: Արդէն իսկ կարգ մը երկիրներ` Բրիտանիա, Հոլանտա եւ այլն, երթեւեկի արգելք յայտարարած են Հարաւային Ափրիկէէն եւ մերձակայ երկիրներէն:
Ունկնդրէ լուրը

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան համաձայն, «Քորոնա» համավարակի նորագոյն տարբերակը, որ առաջին անգամ յայտնաբերուած է Հարաւային Ափրիկէի մէջ, կը թուի ըլլալ ամէնէն վտանգաւորը եւ մտահոգիչը: Կազմակերպութիւնը զգուշացուց պատկան կողմերը` թելադրելով փութալ ճամբորդութեան արգելքի կիրարկման: Արդէն իսկ կարգ մը երկիրներ` Բրիտանիա, Հոլանտա եւ այլն, երթեւեկի արգելք յայտարարած են Հարաւային Ափրիկէէն եւ մերձակայ երկիրներէն:

Համավարակի հինգերորդ տարբերակը նկատուող այս ժահրը զօրաշարժի մատնած է աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու պատկան մարմինները, յատկապէս` առողջապահական մարզը:  Այս գծով ռուսական իշխանութիւնները 28 նոյեմբեր 2021-էն սկսեալ արգելք պիտի հաստատեն Հարաւային Ափրիկէէն եւ մերձակայ երկիրներէն ժամանող ճամբորդներուն դէմ:

Եգիպտոս կասեցուց երթեւեկի իր ուղղակի թռիչքները դէպի Հարաւային Ափրիկէ` միաժամանակ արգիլելով հոնկէ ժամանողներու մուտքը:

Թուրքիա եւս արգիլեց հինգ երկիրներէ (ներառեալ` Հարաւային Ափրիկէէն) ժամանողներու մուտքը:

Պելճիքայի մէջ յայտարարուեցաւ վարակի մէկ պարագայ, որ առաջինը կը նկատուի Եւրոպայի մէջ:

Միացեալ Նահանգներ Հարաւային Ափրիկէէն եւ եօթը այլ երկիրներէ ճամբորդներու մուտքը արգիլեց վարակին պատճառով:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2021, 08:19