Որոնել

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ 

Արցախեան հարցը։ Խնդիրները լուծել առկայ ձեւաչափերով. Կութերեշ

Կութերեշը վերահաստատած է ՄԱԿ-ի սկզբունքային դիրքորոշումը առ այն, որ տեւական խաղաղութիւնը կարելի է ձեռք բերել միայն երկխօսութեան միջոցով, եւ կողմերուն յորդորած է լուծել առկայ խնդիրները բոլոր առկայ ձեւաչափերու միջոցով, այդ շարքին՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիին ներքոյ։
Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ ողջունած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ Սոչիի մէջ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի եռակողմ հանդիպումը։

Կութերեշ ի գիտութիւն ընդունած է համատեղ յայտարարութիւնը եւ երախտագիտութեամբ նշած է Ռուսաստանի դերը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շարունակական շփումներու եւ երկխօսութեան դիւրացման գործին մէջ։

Կութերեշ ոգեւորուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ամենաբարձր մակարդակով ուղղակի փոխգործողութեան վերականգնմամբ եւ 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի ու 2021-ի Յունուար 11-ի եռակողմ յայտարարութիւններու լիակատար իրականացման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան մակարդակի բարձրացման ուղղուած քայլերու ձեռնարկման անոնց յանձնառութեան վերահաստատմամբ:

Կութերեշը վերահաստատած է ՄԱԿ-ի սկզբունքային դիրքորոշումը առ այն, որ տեւական խաղաղութիւնը կարելի է ձեռք բերել միայն երկխօսութեան միջոցով, եւ կողմերուն յորդորած է լուծել առկայ խնդիրները բոլոր առկայ ձեւաչափերու միջոցով, այդ շարքին՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիին ներքոյ։

Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը պատրաստ է աջակցելու բոլոր նման ջանքերուն, ընդ որում՝ մարդասիրական, վերականգնման եւ խաղաղութեան հաստատման աջակցութեան տրամադրման միջոցով, ըսուած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար յայտարարութեան մէջ։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2021, 08:10