Որոնել

Նախագահ Արմէն Սարգսեան պատմական այցելութիւն կատարած է Սէուտական Արաբիա Նախագահ Արմէն Սարգսեան պատմական այցելութիւն կատարած է Սէուտական Արաբիա 

Նախագահ Արմէն Սարգսեան պատմական այցելութիւն կատարած է Սէուտական Արաբիա

26 հոկտեմբեր 2021-ը առանձնայատուկ էջ պիտի դառնայ հայ-արաբական եւ մասնաւորապէս Հայաստանի Հանրապետութիւն-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ:

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն կատարած է Սէուտական Արաբիա: Այս մասին կը տեղեկացնէ նախագահի աշխատակազմը` նշելով, որ 26 հոկտեմբեր 2021-ը առանձնայատուկ էջ պիտի դառնայ հայ-արաբական եւ մասնաւորապէս Հայաստանի Հանրապետութիւն-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ:

«Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն կատարած է Սէուտական Արաբիա: Այս աննախադէպ իրադարձութիւնը միանշանակ շրջադարձային է Հայաստանի միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ: Հայաստանի անկախութենէն ի վեր Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պայմաններուն մէջ, երբ Հայաստանէն որեւէ պաշտօնեայ երբեք չէր այցելած այդ երկիրը, Հայաստանի նախագահը կատարեց պատմական քայլ` առաջին անգամ այցելելով արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ բացառիկ դեր ու նշանակութիւն ունեցող այդ պետութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ աղբիւրին, Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաքի օդակայանին մէջ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին դիմաւորած են պետական ամէնէն բարձր մակարդակով` ի դէմս Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց պետական նախարար Ատել Ժուպէյրի, իսկ պաշտօնական արարողակարգի համաձայն, օդակայանին մէջ բարձրացուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2021, 09:25