ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը հանդիպում ունեցած է հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի ներքաղաքական եւ բարոյաhոգեբանական վիճակին առնչուող հարցեր: Կարեւոր նկատուած է յետպատերազմական շրջանին Արցախի Հանրապետութեան մէջ համազգային ճիգերով վերականգնողական աշխատանքներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:
18 հոկտեմբերին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Հայ դատի խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շնորհաւորական այցելութեամբ հանդիպում ունեցած է Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորընտիր կաթողիկոս պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանին հետ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի ներքաղաքական եւ բարոյաhոգեբանական վիճակին առնչուող հարցեր: Կարեւոր նկատուած է յետպատերազմական շրջանին Արցախի Հանրապետութեան մէջ համազգային ճիգերով վերականգնողական աշխատանքներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:
Անդրադարձ կատարուած է սփիւռքի, յատկապէս Միջին Արեւելքի հայութեան անվտանգութեան մարտահրաւէրները դիմակայելու առաջնահերթութիւններուն եւ համահայկական ծրագիրներու ընթացքին ու արդիւնքներուն:
Աղբիւրը` Ազդակ
20/10/2021, 08:56