Որոնել

«Հացի Փառատօն»՝ Ախալցխայի մէջ «Հացի Փառատօն»՝ Ախալցխայի մէջ 

«Հացի Փառատօն»՝ Ախալցխայի մէջ

Փառատօնին նաեւ պիտի ներկայացուին ցորենի տարբեր տեսակներ, հացեր, Չեչիլի եւ Տենիլի պանիր, տարբեր ուտեստներ, Բիշի, Գաթա, Չիրիխտա, Բաքմազ, Թկլափի

Ախալցխայի մէջ պիտի իրականացուի «հացի փառատօն» `աւանդական եւ տեղական արտադրանքի, ներառեալ` տեղական հացի եւ ցորենի խթանման համար, տարածաշրջանի գիւղատնտեսական-զբօսաշրջութեան ներուժի եւ համայնքային նախաձեռնութեան զարգացման նպատակով: Փառատօնը պիտի իրականացուի Հոկտեմբեր 23-ին, Ախալցխայի բերդի տարածքին մէջ, ուր պիտի ներկայացուին տեղական աւանդական արտադրանքները։ 

Փառատօնին նաեւ պիտի ներկայացուին ցորենի տարբեր տեսակներ, հացեր, Չեչիլի եւ Տենիլի պանիր, տարբեր ուտեստներ, Բիշի, Գաթա, Չիրիխտա, Բաքմազ, Թկլափի։ Պիտի ցուցադրուին չիրեր, մեղր, գինի, գարեջուր եւ այլն: Փառատօնի ծիրէն ներս պիտի կազմակերպուի ձեռքի աշխատանքներու ցուցադրութիւն, վաճառք։ Պիտի կազմակերպուին վարպետութեան դասեր, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենայ համերգային ծրագիր՝ տեղի ժողովրդային անսամպլներու եւ հրաւիրուած այլ խումբերու մասնակցութեամբ:

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2021, 09:13