Որոնել

Արցախի պատմամշակութային արժէքները։ Արցախի պատմամշակութային արժէքները։  

Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի պետական խորհրդանիշներուն դէմ ծաւալուած մոլեգին պայքարը հայերուն հանդէպ ատելութեան վարքագիծի դրսեւորում է. Արցախի ՄԻՊ

Պէտք է նկատի ունենալ, որ Արցախի պետականութեան խորհրդանիշները մեր մշակութային արժէքներուն անբաժանելի մասն են, ուստի անոնց հանդէպ անհանդուրժողականութիւնը եւս ապացոյցն է այն բանի, որ Ազրպէյճանը համակարգուած պայքար կը տանի Արցախի մէջ հայկական մշակութային արժէքներուն դէմ։

Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան պետական խորհրդանիշներուն դէմ ծաւալուած մոլեգին պայքարը ազրպէյճանական իշխանութիւններուն եւ զինուած ուժերուն կողմէ հայերուն հանդէպ ատելութեան վարքագիծի հերթական դրսեւորումն է։ Այս մասին գրած է Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան:

«Գորիս-Կապան ճանապարհին անչափահասներ տեղափոխող հանրակառքէն սուիններով Արցախի պետականութեան խորհրդանիշները մաքրելու դէպքը, Արցախի տարբեր բնակավայրերէն եւ շինութիւններէն Արցախի դրօշը հեռացնելու պահանջները Արցախի մէջ ապրող հայերուն հանդէպ ազրպէյճանցիներու հանդուրժողականութան ի սպառ բացակայութեան վառ օրինակներ են։

Պէտք է նկատի ունենալ, որ Արցախի պետականութեան խորհրդանիշները մեր մշակութային արժէքներուն անբաժանելի մասն են, ուստի անոնց հանդէպ անհանդուրժողականութիւնը եւս ապացոյցն է այն բանի, որ Ազրպէյճանը համակարգուած պայքար կը տանի Արցախի մէջ հայկական մշակութային արժէքներուն դէմ։

Պետականութեան խորհրդանիշները Արցախի ժողովուրդի՝ սեփական հայրենիքին մէջ ապրելու, ինքնութիւնը պահպանելու եւ ինքորոշման իրաւունքի խորհրդանիշներն են, որոնց հանդէպ իւրաքանչիւր ոտնձգութիւն ինքնին ուղղուած է մեր ժողովուրդի արժանապատւութեան եւ իրաւունքներու ընդհանուր համակարգին դէմ»։

Նշենք, որ վերջերս ազրպէյճանցիները կանգնեցուցած եւ ստուգած էին փոքրիկներ տեղափոխող հայկական հանրակառքը, որուն վրայէն հանած էին Արցախի դրօշը։

Աղբիւրը «Եռագոյն»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2021, 08:30