Արարատ լեռը Արարատ լեռը 

Նոյեան Տապանը փնտռող իտալացի գիտնականը թաղուեցաւ Արարատի ստորոտին

Մահուան լուրը ստանալով՝ անոր որդին՝ Ստեֆանօ Փալեկոն, Իտալիոյ հիւպատոսութեան միջոցով կատարած է հօր կտակը․ Փալեկոն յուղարկաւորուած է Արարատ լեռան մօտ։

Արարատ լերան վրայ 35 տարի շարունակ որոնողական աշխատանքներ իրականացուցած իտալացի հետազօտող Անկելօ Փալեկոն, վարակուած ըլլալով «քորոնա» ժահրով, սրտի կաթուած ունեցած է թրքական հիւրանոցներէն մէկուն մէջ։ Ան մահացած է Էրզրումի քաղաքային հիւանդանոցին մէջ։ 

Մահուան լուրը ստանալով՝ անոր որդին՝ Ստեֆանօ Փալեկոն, Իտալիոյ հիւպատոսութեան միջոցով կատարած է հօր կտակը․ Փալեկոն յուղարկաւորուած է Արարատ լեռան մօտ։

«1986-էն ի վեր Արարատ լերան վրայ Նոյեան տապանը կը փնտռէր։ Հաւատացած ըլլալով, որ Նոյեան տապանը այստեղ է՝ այս շրջանին շարունակ հետազօտութիւններ կ՝իրականացնէր եւ զանոնք կը հրապարակէր իր երկրի թերթերուն մէջ։

Փալեկոն յոյս ունէր, որ տապանը յայտնաբերելու պարագային, մարդիկ պիտի հաւատան Նոյի ջրհեղեղին, սխալ պիտի չգործեն եւ աշխարհի վրայ խաղաղութիւն պիտի տիրէ, այդ իսկ պատճառով ալ ամէն տարի հետազօտութիւն ընելու համար Բայազետ կու գար»,- պատմած է Թուրքիոյ մէջ Փալեկոյի որդիին վստահուած անձը՝ Մուրատ Շահինը։

Շահինի ջանքերով ալ՝ Արարատը այդքան սիրող իտալացի հետազօտողը հողին յանձնած են Բայազետի նոր գերեզմանատուներէն մէկուն մէջ, որ կը նայի Արարատին։

Աղբիւրը` «Արեւելք»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2021, 13:00