Քապուլի օդակայանը Քապուլի օդակայանը 

Քապուլի օդակայանը դարձեալ կը գործէ։

Թալեպան շարժումի իշխանութեան տիրանալէն ի վեր առաջին առեւտրական թռիչքը էջք կատարած է Քապուլի Օդակայանին մէջ

Անցեալ ամսուան կիսուն Թալեպան արմատական շարժումի իշխանութեան տիրանալէն ի վեր առաջին առեւտրական թռիչքը` փաքիստանեան օդանաւ մը էջք կատարեց Քապուլի միջազգային օդակայանին մէջ: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը:

Փաքիստանեան օդանաւային ընկերութեան բանբերը շաբաթավերջին յայտարարած էր, որ ընկերութիւնը կը վերականգնէ իր առեւտրական կանոնաւոր թռիչքները, սակայն տակաւին կանուխ է ճշդելու երկու երկիրներու մայրաքաղաքներուն միջեւ թռիչքներու թիւը:

Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի օդակայանը ծանր վնասներ կրած է Թալեպան շարժումի իշխանութեան տիրանալէն ետք աւելի քան 120 հազար անձերու երկրէն հեռացման գործողութեան ընթացքին:

Աղբիւրը «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2021, 08:15