Արցախի պատմամշակութային արժէքները։ Արցախի պատմամշակութային արժէքները։  

Ֆրանսական կազմակերպութիւնը կը պահանջէ Արցախին վերադարձուի իր ողջ պատմական տարածքը` ապահով սահմաններով

L’Œuvre d’Orient կազմակերպութիւնը կոչ կ՝ընէ ԵՄ-ին եւ Ֆրանսայի կառավարութեան յստակ աջակցութիւն ցուցաբերելու Արցախի ժողովուրդին
Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանսական L’Œuvre d’Orient կազմակերպութիւնը, որուն հիմնական առաքելութիւնն է աջակցութիւն ցուցաբերել արեւելեան քրիստոնեաներուն կրթական, հասարակական, առողջապահական, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ, Արցախի վերաբերեալ փաստերու հաւաքագրման հիմքով արձանագրումներ կատարած է։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան։

  1. ««Արցախի հայերը վտարուած են իրենց պատմական տարածքներէն, հայկական բնակչութիւնը վտարուած է իր տուներէն, գիւղերէն եւ եկեղեցիներէն։
  2. Հայ ժողովուրդը իր արեան գնով ձեռք բերած է խաղաղ ու ազատ ապրելու իրաւունք:
  3. Արցախի ժողովուրդը իրաւունք ունի իրականացնելու իր ինքնորոշման գործընթացը միջազգային վերահսկողութեան ներքոյ, այնպէս, ինչպէս Քոսուոն։
  4. Կազմակերպութիւնը կը պահանջէ, որ Արցախին վերադարձուի իր ողջ պատմական տարածքը` ապահով սահմաններով։
  5. Կազմակերպութիւնը կոչ կ՝ընէ ԵՄ-ին եւ Ֆրանսայի կառավարութեան յստակ աջակցութիւն ցուցաբերելու Արցախի ժողովուրդին»։

Աղբիւրը` «Եռագոյն»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2021, 07:05