Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս 

Արցախը այսօր ալ կը միաւորէ մեր ժողովուրդը ազգային վերելքի տեսլականով. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս

Մեր աղօթքն է, որ Բազումողորմ Տէրը հոգու արիութիւն եւ ամուր հաւատք պարգեւէ Արցախի Մեր հաւատաւոր զաւակներուն՝ իրենց յատուկ լաւատեսութեամբ շարունակելու հետամուտ ըլլալ իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ շէնցնելու հայրենի երկիրը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի Հանրապետութեան օրուան առիթով.

Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան օրուան առիթով՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն Հայրապետական Մեր օրհնութիւնն ու աղօթքները կը բերենք Ձեզի, Արցախի պետական այրերուն եւ հաւատաւոր Մեր զաւակներուն։

Անկախութեան 30-ամեայ յոբելեանը մեր ժողովուրդը կը դիմաւորէ դժուար պայմաններու մէջ, վիրաւոր եւ վշտացեալ, բայց եւ՝ հարազատ Արցախ աշխարհը շենցնելու աննկուն կամքով ու հաւատքով։ Արցախի անկախութեան անցնող տարիները ազգային տարեգրութեան մէջ արձանագրուեցան իբրեւ արցախահայութեան իրաւունքներու համար մաքառման, պետականութեան կայացման եւ ազատ ու արժանապատիւ կեանքի տեսլականի իրագործման էջեր։ Արցախը իր ազատատենչութեամբ, ոգեղինութեամբ եւ պատմական հայրենիքի փոքրիկ բեկորի ձգողականութեամբ իր շուրջ համախմբեց համայն հայութիւնը։ Հայոց նոր կեանքի արշալոյսի օրրանը ըլլալով՝ Արցախը այսօր ալ կը միաւորէ մեր ժողովուրդը ազգային վերելքի տեսլականով՝ ընդդէմ բոլոր մարտահրաւէրներու։

2020 թուականի սոսկալի պատերազմը պատճառ դարձաւ մարդկային եւ տարածքային մեծ կորուստներու, ահռելի աւերներու, առ այսօր շարունակուող թշնամական նկրտումներու եւ սպառնալիքներու։ Հակառակ ցաւալի այդ իրողութեան, Հայաստանի մէջ եւ ամէն տեղ աշխարհի վրայ բոլորիս պատասխանը պէտք է ըլլայ մշտամնայ հոգածութիւնը Արցախի հանդէպ, աննահանջ ջանքն ու եռանդը՝ յանուն Արցախի մեր հայրենակիցներու խաղաղ ու ապահով կեանքի, յանուն կորուստներու վերականգնման։ Այսպիսին պէտք է ըլլայ արժեւորումը հազարաւոր մեր հերոս զաւակների նահատակութեան։

Մեր աղօթքն է, որ Բազումողորմ Տէրը հոգու արիութիւն եւ ամուր հաւատք պարգեւէ Արցախի Մեր հաւատաւոր զաւակներուն՝ իրենց յատուկ լաւատեսութեամբ շարունակելու հետամուտ ըլլալ իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ շէնցնելու հայրենի երկիրը։ Թող Աստուած զօրավիգ ըլլայ Ձեզի, մեծարգոյ Նախագահ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն եւ պետական այրերուն՝ ամենայն յանձնառութեամբ եւ պատասխանատւութեամբ դիմագրաւելու Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները։

Աղբիւրը` «Եռագոյն»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2021, 08:41