Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 

«Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման շուրջ համաձայնութիւններըյՅաջողութեամբկԿ՛իրականացուին» Կ՛ըսէ Լաւրով

Անոնք հիմա յաջողութեամբ կը գործադրուին մեր նախարարութեան, պաշտպանութեան նախարարութեան մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ մեր տնտեսական պլոքի մասնակցութեամբ, որ կ՛ապահովէ բանակցութիւնները այդ շրջանին մէջ բոլոր հաղորդակցութիւններու եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման շուրջ։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կրթական մարաթոնի մասնակիցներուն հետ հանդիպումին ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ ընդգծած է Ռուսիոյ եւ այդ երկրի նախագահ Վլատիմիր Փութինի ջանքերը 2020 թուականին Հարաւային Կովկասի մէջ պատերազմը դադրեցնելու գործին մէջ:

«Խօսելով անցեալ տարուան մասին` մենք չենք կրնար չխօսիլ մեր ջանքերուն, նախ եւ առաջ մեր նախագահի ջանքերուն մասին Հարաւային Կովկասի մէջ պատերազմական գործողութիւնները դադրեցնելու, Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման շուրջ համաձայնութիւններու հասնելու հարցին մէջ: Անոնք հիմա յաջողութեամբ կը գործադրուին մեր նախարարութեան, պաշտպանութեան նախարարութեան մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ մեր տնտեսական պլոքի մասնակցութեամբ, որ կ՛ապահովէ բանակցութիւնները այդ շրջանին մէջ բոլոր հաղորդակցութիւններու եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման շուրջ», ըսած է Լաւրով:

Աղբիւրը՝ «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2021, 16:15