Պատուաստում Պատուաստում 

Հնդկաստանի մէջ 11 մարդու մօտ մահացու վտանգաւոր «Նիփահ» ժահրը յայտնաբերուած Է։

Համահնդկական հիմնարկի բժշկական կաճառի դասախօս Աշութոշ Պիսվասի համաձայն, ժահրը փոխանցողներն են պտղակեր չղջիկները:

Հնդկաստանի Քերալա նահանգին մէջ 11 մարդու մօտ յայտնաբերուած են մահացու վտանգաւոր «Նիփահ» ժահրի ախտանշաններ, անոնց վիճակը կայուն է: «Արմէնփրես», յղում կատարելով «Ինթըրֆաքս»-ին, կը տեղեկացնէ, որ «Էն.Տի.Թի.Վի.»-ն կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է նահանգի առողջապահութեան նախարար Վինա Ճորճ:

Համահնդկական հիմնարկի բժշկական կաճառի դասախօս Աշութոշ Պիսվասի համաձայն, ժահրը փոխանցողներն են պտղակեր չղջիկները: Շնչուղիներու առնչուած ախտանշաններէն բացի, ժահրը կրնայ նաեւ յառաջացնել տենդ, մկանային ցաւեր, գլխացաւ, գլխապտոյտ եւ սրտխառնուք:

«Պտղակեր չղջիկները կ՛ապրին որոշակի աշխարհագրական տարածքի մէջ: Եթէ անոնք այլ վայրեր թռչին, բնականաբար, այդ ժահրը կրնայ տարածուիլ: Մենք չունինք այդ հիւանդութեան բուժման ձեւը», ըսած է ան: Պիսվաս յայտնած է, որ ժահրը արագօրէն կը փոխանցուի մարդէ մարդ:

«Ատկէ առաջ մեր մօտ եղած է «Նիփահ» ժահրի երկու բռնկում, մէկը` Քերալայի մէջ, միւսը` Արեւմտեան Պենկալիոյ մէջ: Վերջին բռնկումին ժամանակ հիւանդացածներուն մօտաւորապէս 90 առ հարիւրը մահացած է», ըսած է Պիսվաս:

Ան աւելցուցած է, որ խնդիրը կը կրէ տեղայնական բնոյթ, եւ Հնդկաստանի մերձակայքը գտնուող շարք մը երկիրներու, օրինակ Պենկլատեշի մէջ, քանիցս տեղի ունեցած են ժահրի բռնկումներ: Նախապէս Քերալայի իշխանութիւնները հաղորդած են այս նահանգի Քոճիքոտ քաղաքին մէջ 12 տարեկան տղայի «Նիփահ» ժահրէն մահուան մասին:

Այնտեղ ուղարկուած է բժշկական խումբ մը, որ այցելած է տղուն տունը եւ ռամպութան միրգի նմուշներ վերցուցած շրջակայ տարածքներուն մէջ` վարակի աղբիւրները ճշդելու համար:

Աղբիւրը` «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2021, 09:52