Քովիտ19 ժահրի դէմ պայքար Քովիտ19 ժահրի դէմ պայքար 

Աշխարհի մէջ «Քովիտ»ով վարակուածներու թիւը գերազանցած է 222,5 միլիոնը

COVID-19-ով վարակման աւելի քան 20 միլիոն դէպք գրանցած երկիրներու թիւի մէջ կը մտնեն ԱՄՆ-ը, Հնդկաստանը եւ Պրազիլը:

«Քովիտ-19» «Քորոնա» ժահրով վարակման գրանցուած դէպքերու թիւը աշխարհի մէջ 9 Սեպտեմբերի առաւօտուան դրութեամբ կազմած Է 222 միլիոն 564 հազար 649: Այդ մասին կը վկայեն Ճոնս Հոփքինսի ամերիկեան համալսարանի տուեալները: Ժահրի տարածման սկիզբէն ի վեր «Քովիտ-19»-ի հետ կապուած հիւանդութիւններէն մահացածներու թիւը հասած Է 4 միլիոն 596 հազար 53 մարդ:

COVID-19-ով վարակման աւելի քան 20 միլիոն դէպք գրանցած երկիրներու թիւի մէջ կը մտնեն ԱՄՆ-ը, Հնդկաստանը եւ Պրազիլը: Վարակուածներու եւ մահացածներու թիւով առաջատարը կը մնայ Միացեալ Նահանգները, ուր միագումար յայտնաբերուած Է 40 միլիոն 456 հազար 788 «Քովիտ-19»-ով ախտահարուած, իսկ մահացածներու թիւը հասած Է 652 հազար 672-ի:

Վարակուածներու թիւով երկրորդ տեղը կը զբաղցնԷ Հնդկաստանը, ուր COVID-19-ի հաստատուած դէպքերու թուաքանակը հասած Է 33 միլիոն 139 հազար 12-ի, իսկ ախտահարման հետեւանքներէն մահացածներու թիւը կազմած Է 441 հազար 749 մարդ:

Աշխարհի մէջ ախտահարուածներու թիւով երրորդ հորիզոնականին կը գտնուի Պրազիլը, ուր համավարակի ժամանակաշրջանին գրանցուած Է 20 միլիոն 928 հազար 8 հիւանդացած, մահացած Է 584 հազար 421 մարդ:

Worldometer-ի տուեալներով, մոլորակի 1 միլիոն բնակչութեան հաշուով մահացութեան գործակիցը 1 Սեպտեմբերի առաւօտուան դրութեամբ կազմած Է 591,5:

ԱՄՆ-ի մէջ 1 միլիոն բնակիչի հաշուով մահացած Է 2014, Հնդկաստանի մէջ՝ 316, Պրազիլի մէջ՝ 2727 մարդ, հաղորդած Է «Ինթըրֆաքս»-ը:

Աղբիւրը` «Ասպարէզ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2021, 09:58