«Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» խորագիրով միջազգային համաժողով Էջմիածնի մէջ «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» խորագիրով միջազգային համաժողով Էջմիածնի մէջ 

Մայր Աթոռի մէջ աւարտեցաւ «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» խորագիրով միջազգային համաժողովը

Սեպտեմբեր 11-ին ժողովականները պիտի այցելեն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան եւ Մայր Աթոռի Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններ»,

Սեպտեմբեր 10-ի առաւօտեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, կատարուեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Մայր Աթոռի մէջ իրականացուող միջազգային համաժողովի մասնակիցները: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն:

«Էքումենիք աղօթքէն ետք՝ համաժողովը շարունակեց իր աշխատանքը, որուն ընթացքին ժողովականներուն իրենց ուղերձները յղեցին Մայր Աթոռի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցերով գրասենեակի տնօրէն Հոգեշնորհ Տ․ Գարեգին վարդապետ Համբարձումեանը, Արցախի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանը, Արցախի Արտաքին գործերու նախարար Դաւիթ Բաբայեանը եւ Արցախի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Լուսինէ Կարախանեանը։

Ուղերձները մասնաւորապէս ընդգծեցին վերջին պատերազմէն ետք Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական հոգեւոր եւ պատմամշակութային ժառանգութեան դէմ իրականացուող ոտնձգութիւններու կանխարգելման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կարեւոր համարուեցաւ միջկրօնական երկխօսութիւնը՝ իբրեւ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման, ազգային խտրականութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ պայքարի ամենաարդիւնաւէտ միջոցներէն մէկը: Այս գործընթացին մէջ բարձր գնահատուեցաւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէական տարբեր կառոյցներու դերը։

Այնուհետեւ զեկոյցներ ներկայացուցին Եւրոպական եկեղեցիներու համաժողովի նախագահ Հայր Վերապատուելի Քրիստիան Քրիգերը («Կրօնական յուշարձաններու եւ սրբավայրերու անվտանգութիւնն ու պահպանութիւնը Եւրոպայի մէջ»), ԱՄՆ Քոլորատոյի համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժնի դասախօս Սիմոն Մաղաքեանը («Կրօնական ազատութեան միջոցով կանխել Արցախի մշակութային ցեղասպանութիւնը»), ԵՊՀ դասախօս Համլէթ Պետրոսեանը («Մշակութային ժառանգութիւնը յարձակումներու թիրախ։ Արցախի Տիգրանակերտը»), Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը («Ազրպէյճանական վանտալիզմի դրսեւորումները Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան, կրօնական իրաւունքներու եւ Արցախի ժողովուրդի ազատութեան դէմ»), գրող, մշակութային աքթիւիսթ եւ ձեռնարկատէր Թոսուլա Հաճիթոֆին («Կրօնական ժառանգութիւնը՝ որպէս միջոց խաղաղութիւն ու համերաշխութիւն խրախուսելու գործին մէջ»), «Բեթ Մարդութօ» եւ «Գորգիաս» լրատուական կայքերու գլխաւոր խմբագիր Ճորճ Քիրազ («Հայ-ասորական մշակութային փոխառութիւններ․ ինչպէս պահպանել պատմական ժառանգութեան ինքնատիպութիւնը»), Թաֆթի համալսարանի արուեստի, պատմութեան բաժնի փրոֆէսըր Քրիստինա Մարանցին («Կարսի, Անիի հայկական յուշարձանները․ դասեր Արցախի համար»), ԱՄՆ Լաֆայէթի քոլէճի պատմութեան փրոֆէսըր Ռէյչլ Կոշկարեանը («Ապրելով Թուրքիոյ մէջ ոչնչացուած յուշարձաններու եւ գերեզմանատուներու առկայութեան պայմաններուն մէջ») եւ Զալցպըրկի համալսարանի քրիստոնէական Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն Ժասմին Տում-Թրակութը («Փոքրամասնութիւններու մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանումը»)։

Զեկոյցներու աւարտէն ետք համաժողովը ամփոփեց իր աշխատանքը։

Սեպտեմբեր 11-ին ժողովականները պիտի այցելեն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան եւ Մայր Աթոռի Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Աղբիւրը` «Եռագոյն»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2021, 09:00