Եւրասիական երկիրներու դրօշները Եւրասիական երկիրներու դրօշները 

Եւրասիական դրամատունը կ՛ուզէ Հայաստանի տնտեսութեան մեծագոյն վարկատուներէն մէկը դառնալ

Եւրասիական զարգացման դրամատան մասնակիցներն են Հայաստանը, Պիելոռուսիան, Ղազախստանը, Խըրխըզիստանը, Ռուսիան ու Տաճիկիստանը:

Եւրասիական զարգացման դրամատունը Հայաստանի ներդրումային թղթածրարին մէջ իր բաժինը կ՛ուզէ հասցնել 15 առ հարիւրի: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի դրամատան 2022-2026 թուականներու զարգացման ռազմավարութեան մէջ:

Ընդհանուր առմամբ հինգ տարուան ընթացքին դրամատունը մտադիր է անդամ երկիրներուն մէջ նախագիծերու ծաւալումը աւելցնել` հասցնելով մինչեւ 10,9 միլիառ տոլարի: Ուշադրութիւն պիտի դարձուի նաեւ փոքր երկիրներուն. Հայաստանի, Խըրխըզիստանի եւ Տաճիկիստանի մէջ ներդրումներու ընդհանուր չափը պիտի հասնի 500 միլիոն տոլարի, կամ 2020 թուականին համեմատ 4 անգամ աւելի:

Այդ երկիրներուն մէջ ֆինանսաւորումը կը նախատեսուի իրականացնել գերազանցապէս եւրոյով եւ տոլարով, սակայն դրամատունը պատրաստ է վարկեր տրամադրելու նաեւ այդ երկիրներու ազգային դրամանիշով:

Այդ նպատակով դրամատունը ազգային դրամանիշով պահեստներ պիտի կուտակէ` փափաքելով անոնց ծաւալը 2026 թուականին հասցնել մինչեւ իր ընդհանուր պարտաւորութիւններուն 35 առ հարիւրը (խօսքը ո՛չ միայն վերոնշեալ 3 երկիրներու դրամանիշերուն մասին է, այլ նաեւ Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի):

Դրամատունը մտադիր է միջոցներ ներգրաւել ազգային դրամանիշով եւ անդամ երկիրներու ելեւմտական շուկաներէն (օրինակ` պետական պարտատոմսերու գնման ճամբով), ինչպէս նաեւ դրամանշային փոխանակումներու օգնութեամբ:

Բացի ատկէ, դրամատունը մտադիր է երեք մեծագոյն ներդրումային նախագիծերու ֆինանսաւորման հիմնական մասնակիցը դառնալ: Ատոր համար պիտի տրամադրուի շուրջ 1,2 միլիառ տոլար: Այդ նախագիծերէն մէկը կապուած է «Եւրոպա-Արեւմտեան Չինաստան» ինքնաշարժի եւ երկաթուղային միջանցքի (որ պիտի կրճատէ բեռնափոխադրումներու ժամանակը նաեւ Հայաստանի համար) ընդլայնման հետ: Միւս նախագիծը` Եւրասիական դրամատան երկիրներ ապրանքներու տեղափոխման միասնական ենթակառոյցն է, երրորդը` ջրաելեկտրական հզօրութիւններու յաւելումը:

Յիշեցնենք, որ Եւրասիական զարգացման դրամատան մասնակիցներն են Հայաստանը, Պիելոռուսիան, Ղազախստանը, Խըրխըզիստանը, Ռուսիան ու Տաճիկիստանը:

Աղբիւրը` «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2021, 08:12