Երկու գերիներ վերադարձան Հայրենիք Երկու գերիներ վերադարձան Հայրենիք 

Երկու գերիներ վերադարձան Հայրենիք

Գերիներուն Հայաստան վերադարձը իրականացաւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար, զօր. Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ:

7 Սեպտեմբերին, Ատրպէյճանէն Հայաստան վերադարձուեցան Հայաստանի երկու քաղաքացիներ: Անոնց փոխարէն ատրպէյճանական կողմին փոխանցուեցաւ Արցախի մէջ բանտարկուած ատրպէյճանցի զինուոր Ճամիլ Պապաեւը, որ 25 Օգոստոսին ապօրինիաբար հատեց սահմանը եւ մտաւ Արցախի Մարտակերտի շրջանի տուներէն մէկը։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ին յայտնեցին Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն։   

Գերիներուն Հայաստան վերադարձը իրականացաւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար, զօր. Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ:

Վերադարձուած 2 քաղաքացիները 14 Յուլիսին Սեւ լիճի տարածքէն անհետացած Հայաստանի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած Հայաստանի բանակի N զօրամասի զինուորներ Արթուր Նալբանդեանը եւ Արամայիս Տոռոզեանն են:

Աղբիւրը `«Ասպարէզ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2021, 08:00