Լիբանանեան դրօշը Լիբանանեան դրօշը 

Լիբանան մէկ միլիառ եւ 135 միլիոն տոլար Միջազգային Դրամական Ֆոնտէն

Ըստ Միջազգային դրամական ֆոնտին, մէկ միլիառ եւ 135 միլիոն տոլարը կը կազմեն Լիբանանի 2021-ի իրաւունքը, որ 860 միլիոն տոլար է, ինչպէս նաեւ 2009-ի իրաւունքը, որ 275 միլիոն տոլար է: Միջազգային դրամական ֆոնտին յանձնելիք գումարը կը տրամադրուի Կեդրոնական դրամատան:

Ելեւմուտքի նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտէն տեղեակ պահուած է, թէ հինգշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2021-ին շուրջ մէկ միլիառ եւ 135 միլիոն տոլար պիտի ստանայ` գումար վերցնելու յատուկ իրաւունքներու շրջագիծին մէջ:

Ըստ Միջազգային դրամական ֆոնտին, մէկ միլիառ եւ 135 միլիոն տոլարը կը կազմեն Լիբանանի 2021-ի իրաւունքը, որ 860 միլիոն տոլար է, ինչպէս նաեւ 2009-ի իրաւունքը, որ 275 միլիոն տոլար է: Միջազգային դրամական ֆոնտին յանձնելիք  գումարը կը տրամադրուի Կեդրոնական դրամատան:

Նշենք, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը Միջազգային դրամական ֆոնտէն գումար վերցնելու յատուկ իրաւունքներու շրջագիծին մէջ պահանջած էր Լիբանանին վերադարձնել որոշ գումարներ, յատկապէս 2009-ի իրաւունքները:

Աղբիւրը` «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2021, 08:23