Թուրքիոյ մէջ ողողումներ Թուրքիոյ մէջ ողողումներ 

Թուրքիոյ մէջ ողողումներուն պատճառով զոհերուն թիւը հասած է 70-ի

Ողողումներուն պատճառով Քասթամոնու նահանգէն դուրս բերուած են 1480 անձեր, Սինոփի նահանգի Այանճըք շրջանէն եւ թաղամասերէն` 560, Պարթինի նահանգի Ուլուշ շրջանէն` 341:

Թուրքիոյ հիւսիսը ողողումներուն պատճառով 70 զոհ արձանագրուած է: «Արմէնփրես» կը յայտնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

Ողողումներուն պատճառով զոհուած 70 անձերէն 60-ը Քասթամոնու նահանգէն են, 2-ը` Սինոփ նահանգէն, իսկ 1-ը` Պարթինիէն:

Տեղեկութեան համաձայն, 8 անձեր կը շարունակեն դարմանուիլ:

Ողողումներուն պատճառով Քասթամոնու նահանգէն դուրս բերուած են 1480 անձեր, Սինոփի նահանգի Այանճըք շրջանէն եւ թաղամասերէն` 560, Պարթինի նահանգի Ուլուշ շրջանէն` 341:

Աղբիւրը` «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2021, 08:00