Հայիթիի երկրաշարժին վնասները Հայիթիի երկրաշարժին վնասները 

Հայիթիի երկրաշարժին վնասը 1,12 միլիառ տոլարով կը գնահատուի

Օգոստոս 14-ի առաւօտեան 7,2 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է Հայիթիի շրջանին մէջ, որուն կեդրոնը կը գտնուէր շուրջ 125 հազար բնակչութիւն ունեցող Լէ Քէ համայնքէն 40 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Ունկնդրէ լուրը

Հայիթիի մէջ 14 օգոստոսին տեղի ունեցած երկրաշարժէն ետք ենթակառոյցի վերականգնումը, նախնական գնահատումներով, կրնայ առնուազն 1,12 միլիառ տոլար պահանջել: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այս մասին հաղորդած է «Հայիթի Լիպր» կայքը` վկայակոչելով իշխանութիւններու տուեալները:

Կայքին համաձայն, երկիրի ղեկավարութիւնը հաղորդակցութիւններու մէջ է ՄԱԿ-ի, Եւրոպական Միութեան եւ Համաշխարհային դրամատան հետ: Այս պահուս կը քննարկուին վնասուած շրջաններու վերականգնման համար միջոցներու տրամադրման կարելիութիւնները:

Նշենք, որ օգոստոս 14-ի առաւօտեան 7,2 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է Հայիթիի շրջանին մէջ, որուն կեդրոնը կը գտնուէր շուրջ 125 հազար բնակչութիւն ունեցող Լէ Քէ համայնքէն 40 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Պաշտօնական տուեալներով` արձանագրուած է 2207 զոհ եւ աւելի քան 12 հազար վիրաւոր: Հարաւի, Կրանտ Անսի եւ Նիփի շրջաններուն մէջ ամբողջովին կամ մասնակի կերպով աւերուած է շուրջ 130 հազար շէնք, ներառեալ` բժշկական եւ կրօնական հաստատութիւններ:

Կառավարութիւնը մէկ ամիսով արտակարգ դրութիւն հաստատած է:

Աղբիւրը` «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2021, 08:55