Փախստականներ Փախստականներ 

ՄԱԿ. «Թալեպան շարժումը կը հետապնդէ օտար ուժերու հետ գործակցած Աֆղանները»։

«Թալեպան շարժումը պատրաստած է անուանացանկ մը առաջնահերթ անձնաւորութիւններու, որոնց կ՛ուզէ ձերբակալել, հակառակ ընդդիմադիրներէն վրէժ չլուծելու շարժումին խոստումներուն»

Ըստ ՄԱԿ-ի մէկ գաղտնի զեկուցումին, Թալեպան շարժումը օտար ուժերու հետ գործակցած աֆղաններու հետապնդման գործողութիւններուն թափ տուած է:

ՄԱԿ-ի համար զեկուցումը պատրաստած խումբ մը փորձագէտները կը յայտնեն. «Թալեպան շարժումը պատրաստած է անուանացանկ մը առաջնահերթ անձնաւորութիւններու, որոնց կ՛ուզէ ձերբակալել, հակառակ ընդդիմադիրներէն վրէժ չլուծելու շարժումին խոստումներուն»:

Ըստ զեկուցումին, ամէնէն վտանգուածները անոնք են, որոնք աֆղանական զինեալ ուժերու, ոստիկանութեան եւ հետախուզութեան մէջ պատասխանատու պաշտօններ վարած են: Թալեպանները նպատակադրուած կերպով այցելած են տուները այն անձերուն, որոնց կ՛ուզեն ձերբակալել, ինչպէս նաեւ անոնց ընտանիքներուն տուները: Շարժումը նաեւ Քապուլի միջազգային օդակայան հասնիլ փորձող անձերուն անցագիրները կը ստուգէ եւ Քապուլի ու Ժալալապատի մէջ անցարգելներ հաստատած է:

Միւս կողմէ, Թալեպան շարժումի պաշտօնատարներէն մէկը երէկ յայտնեց, որ բազմաթիւ պետութիւններ ու կազմակերպութիւններ շարժումի ղեկավարներուն հետ կը հաղորդակցին` իրենց քաղաքացիներն ու պաշտօնեաները մայրաքաղաք Քապուլէն հեռացնելու օգնութիւն խնդրելով:

Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը իր կարգին երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը հինգշաբթի օր Քապուլի օդակայանէն «Սի-17» օդանաւերու 16 թռիչքներու ճամբով շուրջ երեք հազար մարդ Աֆղանիստանէն հեռացուցած է` նշելով, որ անոնց շուրջ 350-ը ամերիկացիներ են:

Աղբիւրը` «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2021, 11:49