Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհ Ճեսսիքա Պէզճեան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհ Ճեսսիքա Պէզճեան 

Ճէսիքա Պէզճեանի պատմութիւնը. Պէյրութի նաւահանգիստի զոհ բուժքոյրը

Մեզի տեղեկացուցին, որ Ճէսիքան աշխարհի ամենաերիտասարդ հիւանդապահուհին էր, որ զոհ գացած է: 22 տարեկան էր, տարեդարձն ալ մօտ էր։
Ունկնդրէ լուրը

Օգոստոս 4-ը Լիբանանի մայրաքաղաք՝ Պէյրութի համար դարձաւ ողբերգական թուական մը: Անցեալ տարի այդ թուականին ահասարսուռ պայթում մը ցնցեց   ամբողջ  Լիբանանը , որուն հետեւանքով զոհ գացին   200- է աւելէ  քաղաքացիներ,  եւ գրանցուեցան  5000 վիրաւորներ։

Պայթումը նաեւ արձանագրեց հսկայ նիւթական վնասներ, շէնքեր փլատակ եղան, մօտաւորապէս 600 հայ ընտանիքի բնակարանները վնասուեցան:

Լիբանանահայութիւնը ունեցաւ  15 զոհ եւ 250 տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացած վիրաւորներ: 

Հայ զոհերուն կարգին էր 22-ամեայ Ճէսիքա Պէզճեանը: Ան  Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջանաւարտներէն էր: Երկու տարի առաջ աւարտած էր Պելմոնթ համալսարանը, որպէս հիւանդապահուհի եւ կը պատրաստուէր մագիստրոսի աստիճանին: Պայթումի ատեն ան կը գտնուէր իր աշխատավայրը՝ Պէյրութի Յունական հիւանդանոցը, որ շատ մօտ է նաւահանգիստին, այլ խօսքով  շատ մօտ  պայթումի վայրին։

Ճէսիքայի ծնողքը զրուցելով «Ալ Նահար»-ին հետ պատմեցին երիտասարդ Ճէսիքայի ու անոր կորուստին պատճառած խոր ցաւին մասին:

«Ճէսիքան եռանդուն աղջիկ մըն էր, ամէն կիրակի  ան  տարբեր  խաղիկներով  կը փորձէր  ուրախացնել մեզ։  Եւ այսօր ալ  ան միշտ ներկայ է մեր մէջ: Ան կը սիրէր մարդոց օգնել, եւ այդ պատճառով ալ  որոշած էր հիւանդապահուհի  դառնալ։

Պայթումին առաւօտը  հերթականին պէս ան գացած էր գործին: Երբ լսեցինք աղմուկը, ես կ'աղօթէի, նախազգացում մը ունեցայ որ աղջիկս զիս կը կանչէ: Զանգեցի, բայց չպատասխանեց: Ամուսինս§ Ճօրճը եւ միւս աղջիկս՝ Ռոզալինը արագ գացին աշխատավայրը՝ հիւանդանոց: Ես տունը մնացի, բայց անհամբերութեան պատճառով չկրցայ սպասել, ես ալ հասայ հիւանդանոց: Մինչ այդ ամուսինս ու աղջիկս գտած էին Ճէսիքային շտապ օգնութեան բաժինը, բժիշկները փորձած էին փրկել զինք, բայց չէին յաջողած: Ճէսիքան հրեշտակի պէս քնացած էր, հակառակ վէրքերուն, դէմքը մնացած էր անարատ: Երբ արթնցայ ինքզինքս տունս գտայ:

Երկու շաբաթ առաջ այցելեցի Ճէսիքայի հիւանդանոցը, այնտեղ պատմեցին ինծի, որ Ճէսիքան պայթումին օրը, հիւանդանոցի նախասրահը, իր աշխատանքային մուտքը արձանագրած ատեն, յանկարծ  ամբողջ  առաստաղը փլած է իր վրայ: Կռնակը լման կտրուած է, արիւնոտած ուսապարկը պահած եմ տակաւին: 

Ինչ որ Ճէսիքային կը պատկանէր պահած եմ ինչպէս որ է, հագուստները, հեռաձայնը, սենեակը: Նոյնիսկ իր հեռախօսահամարին վճարումը ամէն ամիս կ'ընեմ: Ցաւը օրըստօրէ աւելի կը զօրանայ: 

Ոճրագործները ոչ միայն աղջիկս սպաննեցին, այլ  մեր ամբողջ ընտանիքը։

  Ալ կեանք չմնաց մեզի համար, միայն կսկիծ ու տխրութիւն: Դեռ մինչեւ հիմա չեմ հաւատար, փողոցի ինքնաշարժներուն մէջ կը նայիմ, թերեւս աղջիկս տեսնեմ: Եթէ պատահի տունը մինակ ըլլամ, կը խօսիմ իր հետ, կը կանչեմ զինք, որ Ճեսսի եկուր ճաշը պատրաստ է:

Կը սպասենք, որ արդարութիւնը ի վերջոյ տիրէ: Մեր գործիչներուն անձեռնմխելիութիւնը աղջկաս արիւնը չարժէր: Լիբանանի արդարադատութիւնը պէտք է կագնեցնէ արդարութիւնը, ապա ուրեմն ուր հասած ենք մենք: Ես իմ իրաւունքս կը պահանջեմ՝ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը: Ճը: Ամէն օր կ'անիծեմ այս պայթումի պատասխանատուները: Ինչո՞ւ պատժեցին ինծի, ինչու պէտք է լամ աղջկաս կորուստը, որովհետեւ օրինակելի քաղաքացի էի՞:

Մենք միշտ սիրած ենք մեր Պէյրութը, բայց հիմա իրենց ( ի  նկատի ունի  երկրի քաղաքական գործիչները) պատճառաւ՝ ոչ: Այն Պէյրութը, ուր մեծցած ենք ու զայն ճանչցած ենք, ալ չկայ, քանդեցին: Ժողովուրդը այլեւս կ'ուզէ ձգել հեռանալ: Ճէսիքան ալ կը մտածէր գաղթելու մասին: Հանած էր լիբանանեան ու հայկական անձնագիրները: Հիմա չեմ փափաքիր, որ երկրորդ աղջիկս հոս  ապրի այլեւս:

Մեզի  տեղեկացուցին, որ Ճէսիքան աշխարհի ամենաերիտասարդ հիւանդապահուհին էր, որ զոհ գացած է: 22 տարեկան էր, տարեդարձն ալ մօտ էր, ամէն օր կը հարցնէր ինչ անակնկալ պիտի պատրաստես մամա, չէի գիտեր, որ տարեդարձը գերեզմանոցին մէջ պիտի նշենք: Օգոստոսին պիտի ընեմ իր առաջին տարեդարձը երկինք բարձրանալուն: 

Ամէն գիշեր, կը համբուրեմ նկարը աղջկաս ու կը խնդրեմ իրմէ, որ այցելէ երազիս մէջ:

Աստուած արքայութեան արժանացնէ քեզ աղջիկս, սպասէ մեզի, պիտի գանք քովդ: Շատ կարօտցած եմ քեզի: Շատ կը սիրեմ քեզի: Կը ներես, որ չկրցայ հասնիլ ու փրկել քեզ։ 

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2021, 08:10