Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին տարեդարձին առթիւ ցոյցեր Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին տարեդարձին առթիւ ցոյցեր 

Պայտըն Լիբանանին 100 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ Լիբանանի քաղաքական առաջնորդները, խոչընդոտելով նոր կառավարութեան կազմութիւնը եւ բարեփոխումները՝ «պատմական եւ բարոյական սխալներ կը գործեն»:
Ունկնդրէ Լուրը

ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ»․- Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումին առաջին տարելիցին առիթով եւ Լիբանանի բնակչութեան աջակցութիւն ապահովելու համար, ՄԱԿի հովանիին տակ կազմակերպուած միջազգային ժողովին ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն մօտաւորապէս 100 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն խոստացաւ Լիբանանին:  

«Վերջին երկու տարիներուն Լիբանանին տրամադրուած ամերիկեան մարդասիրական աջակցութիւնը կը հասնի առաւել քան 560 միլիոն տոլարի», յիշեցուց Պայտըն:

 Իր կարգին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ Լիբանանի քաղաքական առաջնորդները, խոչընդոտելով նոր կառավարութեան կազմութիւնը եւ բարեփոխումները՝ «պատմական եւ բարոյական սխալներ կը գործեն»:

 Ֆրանսիս պապը եւս կոչ ըրաւ միջազգային համայնքին՝ յաւելեալ օգնութիւն յատկացնելու Լիբանանի ժողովուրդին։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2021, 10:33