Յունաստանի  մէջ ահաւոր հրդեհներ Յունաստանի մէջ ահաւոր հրդեհներ 

Հայկական զօրակցութիւն՝ Յունաստանի ահաւոր հրդեհներուն դիմաց

Անմիջական եղաւ հայկական զօրակցութիւնը, որ արտայայտուեցաւ Հայաստանի եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ յունահայ գաղութի կառոյցներուն կողմէ, որոնք իրենց գործնական մասնակցութիւնը բերին հրդեհէն տուժածներու կարիքներուն հասնելու ուղղութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Օգոստոսի առաջին տասնօրեակին, Աթէնքի, Էվիայի, Օլիմպիայի, Արգատիայի եւ այլ շրջաններու մէջ բռնկած 586 մեծ հրդեհները հսկայական անտառային տարածքներ այրեցին, իրենց հետ տանելով անթիւ հարստութիւններ՝ բնակարաններ, գործատեղիներ, մշակուած տարածքներ, արօտավայրեր, անտուն եւ գործազուրկ թողելով հազարաւոր մարդիկ, մինչ այդ շրջաններու տնտեսութիւնը եւ զբօսաշրջութիւնը խորապէս քայքայուեցաւ, տեղական բնակչութեան յուսալքութեան ընդհանուր մթնոլորտին մէջ։

Նշենք, որ Աթէնքի եւ Էվիայի հրդեհները մարելու ժամանակ արկածի մը պատճառով երկու կամաւորներ իրենց կեանքը կորսնցուցին։

Աթէնքի հիւսիսային արուարձաններու գեղատեսիլ տեսարանը, իր անտառային բնութեան գեղեկցութեամբ, քանի մը օրերու մէջ մոխիրի վերածուեցաւ, դժոխային պատկեր մը ներկայացնելով։

Զմայլելի այդ բնութեան մէջ գոյութիւն ունին նաեւ հայերու բնակարաններ, որոնք բացի մէկ կամ երկու պարագաներէ, ուր կարելի եղաւ հրդեհին յառաջխաղացքը կասեցնել, այլ թաղամասերու մէջ հայկական բնակարանները վնասներ չկրեցին։

Հրդեհներու ահաւոր տեսարանները տարածուեցան ամբողջ աշխարհի տարածքին, ցոյց տրուեցան լրատուական միջոցներուն կողմէ, իսկ Եւրոպական Միութեան կառոյցները փութացին օգնութիւն տրամադրել՝ թէ՛ մարդուժի, թէ՛ հրշէջ միջոցներու Յունաստան անմիջական առաքումով։

ԱՐԿԱԽՈՒԵՑԱՒ ՀՄԸՄ-Ի ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԲԱնԱԿՈՒՄԸ

Ամիսներէն ի վեր ծրագրուած ՀՄԸՄի սկաուտական բանակումը, որ պիտի մեկնարկէր Երկուշաբթի, 9 Օգոստոս 2021ին, «Այիոս Անտրէաս»ի սկաուտական բանակավայրին մէջ, չիրագործուեցաւ հրդեհներուն պատճառով: Ծանօթ է, որ պետական որոշումով, փակ մնացին Ատիկէի անտառային բոլոր շրջանները, որոնց մէջ արգիլուեցաւ որեւէ մարդկային ներկայութիւն: ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը եւ Սկաուտական խորհուրդը նկատի ունենալով այս զարգացումը՝ որոշեցին ստիպողաբար առկախել այս տարուան բանակումը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Անմիջական եղաւ հայկական զօրակցութիւնը, որ արտայայտուեցաւ Հայաստանի եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ յունահայ գաղութի կառոյցներուն կողմէ, որոնք իրենց գործնական մասնակցութիւնը բերին հրդեհէն տուժածներու կարիքներուն հասնելու ուղղութեամբ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԵՐՁԸ

Հրդեհներու ամէնէն թէժ օրերուն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Թուիթըր»ի վրայ հրապարակեց զօրակցական գրութիւն մը՝ վշտակցութիւն յայտնելով Յունաստանի ժողովուրդին՝ անտառային հրդեհներուն պատճառած վնասներուն համար։

«Խորապէս վշտացած ենք Յունաստանում բռնկուած անտառային հրդեհների մասին լուրերից: Հայաստանն իր համերաշխութիւնն ու զօրակցութիւնն է յայտնում եղբայրական ժողովրդին այս անհանգստացնող ժամանակներում», կ՛ըսուի արտաքին գործոց նախարարութեան «Թուիթըր»ի էջին վրայ լոյս տեսած գրառումին մէջ։


ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 9 Օգոստոս 2021ին, Յունաստանի նախագահին, վարչապետին եւ արքեպիսկոպոսին յղած իր նամակներուն մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր ցաւը եւ մտահոգութիւնը կը յայտնէ վերջերս Յունաստանի մէջ պատահած մեծածաւալ հրդեհներուն գծով։ Արամ Ա. միաժամանակ կը յայտնէ, որ իր աղօթքներուն մէջ կը յիշէ հրդեհներուն պատճառով զոհ գացած յոյն ժողովուրդի զաւակները։

ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԿ ԽԱՉԻՆ ԵՒ ՀՅԴ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ

Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչը (ՀԿԽ) եւ ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութիւնը իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին երկրի զանազան շրջաններուն մէջ յայտնուած աղէտալի հրդեհներէն տագնապող ընտանիքներուն եւ հրդեհները մարելու համար հերոսաբար պայքարող հրշէջներուն:

Այսպէս, ՀԿԽի Շրջանային վարչութիւնը 500 եուրօ, իսկ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը 200 եուրօ տրամադրեցին «Աշխարհի Դեղագործներ» բարեսիրական միութեան, որ արագօրէն նախաձեռնեց օգնութիւն հաւաքելու աշխատանքին: Գումարները յատկացուեցան օգնութիւն հասցնելու համար հրդեհներէն վնասուած քաղաքացիներուն, անոնց անմիջականօրէն ապահովելով ուտեստեղէն, դեղորայք եւ այլ կենսական իրեր, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ պիտոյքներ՝ հրշէջ խումբերուն համար:

ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ

Յունահայոց թեմի Ազգային վրաչութիւնը անմիջական կապ ստեղծելով Կեդրոնական Յունաստանի մարզպետութեան հետ, ըստ ճշդուած կարիքներուն, որոշեց մարզպետութեան տրամադրել անմիջական անհրաժեշտութեան զանազան իրեր, որոնք պիտի բաժանուին Էվիայի մէջ գործող յոյն եւ օտար հրշէջ միաւորներուն եւ շրջանի կարիքաւոր ժողովուրդին։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/08/2021, 08:28