Զօրակցի՛նք Լիբանանահայութեան Զօրակցի՛նք Լիբանանահայութեան 

Զօրակցի՛նք Լիբանանահայութեան. Հայ Օգնութեան միութեան կոչը։

Ի տես երկրի անկայուն իրավիճակին, ՀՕՄ-ը կրկին անգամ կոչ կ՛ուղղէ համայն հայութեան, որպէսզի իր աջակցութեամբ տէր կանգնի Լիբանանի հայահոծ գաղութի զաւակներուն, որոնք հետզհետէ վատթարացող երկրի ճգնաժամին հետեւանքով կորսնցուցած են իրենց օրապահիկը:
Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Հայ օգնութեան միութիւնը կը շարունակէ իր աջակցութիւնը ցուցաբերել լիբանանահայ գաղութի զաւակներուն, որոնք օր ըստ օրէ կը մխրճուին տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի ահաւոր պայմաններու մէջ: Լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկումը, երկրին մէջ տիրող սղաճը, դեղորայքի եւ ապրուստի հիմնական պէտքերու չգոյութիւնը անելի մատնած են լիբանանցի քաղաքացին:

Ի տես երկրի անկայուն իրավիճակին, ՀՕՄ-ը կրկին անգամ կոչ կ՛ուղղէ համայն հայութեան, որպէսզի իր աջակցութեամբ տէր կանգնի Լիբանանի հայահոծ գաղութի զաւակներուն, որոնք հետզհետէ վատթարացող երկրի ճգնաժամին հետեւանքով կորսնցուցած են իրենց օրապահիկը:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, 2019-ին երկրին մէջ սկիզբ առած ճգնաժամէն ի վեր ճիգ չէ խնայած հոգալու լիբանանահայ գաղութի զաւակներուն անմիջական պէտքերը` անոնց շաբաթական դրութեամբ տաք ճաշ, բժշկական անվճար ծառայութիւններ, ուտեստեղէն, կենցաղային հիմնական իրեր եւ տնային անհրաժեշտ պիտոյքներ տրամադրելով: Շնորհիւ ՀՕՄ-ի համակիրներու առատաձեռն նուիրատուութիւններուն, ցարդ ընդհանուր 600.400 ամերիկեան տոլարի հանգանակուած գումարը ամբողջապէս կը յատկացուի լիբանանահայութեան անմիջական օժանդակութեան ծրագիրներուն գործադրման:

Ահաւասիկ տարի մը անցած է օգոստոս 2020-ի ահաւոր պայթումէն, սակայն լիբանանահայութիւնը այսօր, աւելի քան երբեք մեր նիւթական աջակցութեան կարիքը ունի: Հետեւաբար, առաջին փուլով, ՀՕՄ-ը կը նախաձեռնէ 100 ամերիկեան (130 քանատական) տոլար յատկացնել ահաւոր պայմաններու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն: Առ այդ, կը դիմենք ՀՕՄ-ի մեր անդամներուն, բարերարներուն եւ համակիրներուն, որպէսզի մասնակից դառնան այս նախաձեռնութեան: Լիբանանի կողքին դրամահաւաքին ձեր ներդրումը բերելով կրնաք ընտանիքի մը անմիջական ապրուստը ապահովել:

Ձեր նիւթական օժանդակութիւնը կրնաք ուղարկել.

1) Վճարագրով` ARS Foundation-ին, հետեւեալ հասցէին`

Armenian Relief Society of Canada
3401 Olivar Asselin, Montreal, QC, H4J 1L5

2) Այցելելով ՀՕՄ-ի Քանատայի շրջանի կայքը` https://ars-canada.ca/donations/

սեղմելով Donate Now կոճակը, ապա ընտրելով Aid to Lebanon fund-ը:

3) Etransfer-ով, ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ե-նամակի հասցէին` ars-canada@bellnet.ca

Բոլոր պարագաներուն կը խնդրենք նշել, թէ դուք ձեր նուիրատուութիւնները կը կատարէք Լիբանանի օժանդակութեան – AID FOR LEBANON

Վստահ ենք, որ անգամ մը եւս Քանատայի մեր հայրենակիցները անվերապահօրէն պիտի աջակցին լիբանանահայութեան դրամահաւաքի օժանդակութեան աշխատանքներուն:

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՔԱՆԱՏԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2021, 08:20