Պսակաձեւ ժահրի դէմ պատուաստումը Պսակաձեւ ժահրի դէմ պատուաստումը 

«Քորոնա»ով վարակուածներու թիւը կը մօտենայ 300 միլիոնի

Այս մասին Ժընեւի մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյեսուսը:

Պսակաձեւ ժահրի տարածման ներկայիս ընթացքը չթուլանելու պարագային 2022 թուականի սկիզբը ամբողջ աշխարհի մէջ վարակուած անձանց թիւը կրնայ գերազանցել 300 միլիոնը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԹԱՍՍ-ը,  այս մասին Ժընեւի մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյեսուսը:

Ան յիշեցուցած է, որ նախորդ շաբաթ պսակաձեւ ժահրով վարակուածների թիւը աշխարհի մէջ գերազանցած է 200 միլիոնը, եւ այդ տեղի ունեցաւ աշխարհի մէջ վարակուածներու թիւը 100 միլիոնը գերազանցելէն 6 ամիս ետք

Կեպրէյեսուսը յիշեցուցած է, որ ներկայիս համաշխարհային հանրութիւնը «մեծ գործիքակազմ ունի կանխարգիլելու, քննելու եւ բուժելու COVID-19-ը»:

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2021, 19:25