Շուշիի կերպարուեստի թանգարանի պուրակի քանդակները հեռացուած են Շուշիի կերպարուեստի թանգարանի պուրակի քանդակները հեռացուած են 

Շուշիի կերպարուեստի թանգարանի պուրակի քանդակները հեռացուած են

LուսանկարներԷՆ կարելի է հետեւցնել, որ 51 քանդակները «կը բացակային» Շուշիի Կրպարուեստի թանգարանի պուրակէն:
Ունկնդրէ լուրը

Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Շուշիի բռնագրաւումէն ետք, Շուշիի Կերպարուեստի թանգարանի Քանդակներու պուրակին մէջ գտնուող ցուցանմուշները հեռացուած են, կ՛ահազանգէ Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան (Caucasus Heritage Watch) կազմակերպութիւնը:

Կազմակերպութիւնը հրապարակած է 10 Ապրիլին եւ 5 Յունիսին առնուած արբանեակային լուսանկարները, որոնցմէ կարելի է հետեւցնել, որ ի տարբերութիւն առաջին պատկերին, երկրորդին մէջ 51 քանդակները «կը բացակային» Շուշիի Կրպարուեստի թանգարանի պուրակէն:

«Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան կազմակերպութիւնը մտահոգ է թանգարանի սեփականութիւնը հանդիսացող արուեստի այս գործերուն վիճակով: Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան կազմակերպութիւնը կոչ կ՛ընէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, որ յայտնեն գրաւուած քանդակներուն վայրը», կ՛ըսուի կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2021, 07:04