Աֆղանիստանի մէջ կիներու ապագան մտահոգիչ է Աֆղանիստանի մէջ կիներու ապագան մտահոգիչ է 

Աֆղանիստան կը թեւակոխէ ռազմաքաղաքական նոր փուլ

Կիներու ապագան մտահոգիչ է
Ունկնդրէ լուրը

Աւելի քան 20 տարուան կեցութենէ ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի որոշումով, ամերիկեան ուժերը վերջին օրերուն շտապ կերպով հեռացան Աֆղանիստանէն` իրենց ետին ձգելով հազարաւոր ամերիկահպատակներ ու գործակից բարեկամներ:

Ամերիկեան բարձրաստիճան պատասխանատուներ յայտարարեցին, որ ճիգեր կը թափեն ամերիկահպատակներու եւ իրենց օժանդակած թարգմանիչներու, լրագրողներու եւ այլ գործակից բարեկամներու շտապ ու ապահով հեռացման համար Քապուլի օդակայանէն:

Աֆղանիստանէն հեռացման վերաբերեալ նախագահ Պայտընի այս որոշումը որոշ քննադատութեան դուռ բացաւ, յատկապէս` ընդդիմադիր շրջանակներու մօտ: Այս գծով սուր բանավէճ ծագեցաւ հանրապետական եւ դեմոկրատական քաղաքական դէմքերու եւ ծերակուտականներու միջեւ: Ոմանք «գայթակղութիւն» որակեցին նախագահ Պայտընի այս քայլը:

Մայրաքաղաք Քապուլի օդակայանին մէջ եւ անոր շուրջը վերջին օրերուն տիրած զինեալ  խուճապային վիճակէն ետք, անցեալ երեքշաբթի զգուշաւոր հանդարտութիւն տիրեց: Այս կացութիւնը առաւել խոստմնալից դարձաւ Թալեպանի պատասխանատուներու կատարած «հանդարտեցուցիչ» յայտարարութիւններէն ետք, երբ անոնք խոստացան «Աֆղանիստանի իսլամական հանրապետութեան» մէջ յարգել  քաղաքայիններու մարդկային իրաւունքը:

Շատեր սակայն զգուշաւոր վերապահութեամբ հետեւեցան Թալեպան շարժումի «խաղաղարար» խոստումներուն` յիշեցնելով 1990-ական թուականներուն Թալեպան շարժումին գործադրած արմատական, ծայրայեղ կեցուածքները:

Աւելի՛ն, Թալեպան շարժումը խոստացաւ համաներում շնորհել նախկին վարչամեքենայի անձնակազմին, լրագրողներուն եւ հասարակական գործիչներուն, ինչպէս նաեւ` կիներուն: Թալեպան շարժումը խոստացաւ քաջալերել կիները եւ առհասարակ իգական սեռը շարունակելու իրենց ուսումը, այնքան ատեն որ անոնք կը յարգեն իսլամական շարիայի օրէնքին տրամադրութիւնները: Թալեպան շարժումի մէկ պատասխանատուն հաստատեց, որ «ներկայի Թալեպան շարժումը շատ փոխուած է եւ այն չէ, ինչ որ էր 1990-ական թուականներուն»:

Կիներու ապագան մտահոգիչ է

Հակառակ վերոնշեալ յայտարարութիւններուն քաղաքացիական, հասարակական, մարդկային իրաւանց եւ յատկապէս կնոջական կազմակերպութիւններ մտահոգութիւն յայտնեցին Աֆղանիստանի մէջ կիներու կացութեան եւ անոնց քաղաքացիական կարգավիճակի ապագային գծով: Այս մասին «Եուրօ Նիուզ»-ի լրագրող մը եւ Աֆղանիստանէն խոյս տուած հասարակական գործիչ մը հաստատեցին, որ իրենք վերապահ են Թալեպան շարժումի յայտարարութիւններուն գծով եւ օգնութիւն խնդրող բազմաթիւ հեռաձայններ կը ստանան սարսափահար աֆղան կիներէ ու բարեկամներէ, որոնք կը փորձեն խոյս տալ Աֆղանիստանէն` խուսափելով Թալեպան շարժումի իշխանութենէն:

Այս տրամադրութիւնները հանդարտեցնելու միտումով` Թալեպան շարժումի պատասխանատուներ կոչ ուղղեցին աֆղան կիներուն` ներկայանալու եւ մաս կազմելու կառավարութեան:

Շապնամ Նասիմի, որ քանի մը տարի առաջ ընտանիքին հետ խոյս տուած էր Աֆղանիստանէն եւ հաստատուած Լոնտոն, «սուտ խոստում» որակեց Թալեպան շարժումի յայտարարութիւնները:

Իր կարգին, Նոպելեան մրցանակակիր Մալալա Եուսաֆզայ, որ Թալեպան շարժումի Փաքիստանի զինեալներուն կողմէ յարձակման թիրախ դարձած ու ֆիզիքապէս վիրաւորուած էր, կասկածելի նկատեց շարժումին խոստումները` նշելով, որ այն, ինչ որ ցարդ իրագործուած է, պիտի կորսուի Թալեպան շարժումի լուծին տակ:

Նշենք որ Թալեպան արմատական շարժումին կողմէ Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի գրաւումէն եւ երկրին մէջ իշխանութեան տիրանալէն ետք քաղաքին մէջ պուրքայի (կիներու դէմքն ու մարմինը ամբողջովին ծածկող իսլամական հագուստ, «Ա.») գինը տասնապատկուած է:

Աղբիւրը` «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2021, 08:03