Աֆղանիստանի մէջ իրավիճակը մտահոգիչ է Աֆղանիստանի մէջ իրավիճակը մտահոգիչ է 

Աֆղանիստանի մէջ տիրող իրավիճակը դուրս կու գայ վերահսկողութենէ:

«Ես «Թալեպան»ին կոչ կ'ընեմ անյապաղ դադրեցնելու յարձակումը եւ սկսելու ազնիւ բանակցութիւններ Աֆղանիստանի եւ անոր ժողովուրդի շահերու համար»,- նշած է Կութերէշը:

Աֆղանիստանի մէջ տիրող իրավիճակը դուրս կու գայ վերահսկողութենէ: Այս մասին ըսած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշը։

Աֆղանիստանի մէջ իշխանութեան զաւթումը ռազմական ճանապարհով պիտի յանգեցնէ կա՛մ երկար քաղաքացիական պատերազմի,կա՛մ երկրի մեկուսացման, ընդգծած է Կութերէշը։

«Ես «Թալեպան»ին կոչ կ'ընեմ անյապաղ դադրեցնելու յարձակումը եւ սկսելու ազնիւ բանակցութիւններ Աֆղանիստանի եւ անոր ժողովուրդի շահերու համար»,- նշած է Կութերէշը:

«Թալեպան» արմատական շարժման անդամները հանդէս եկած են ուղերձով, որուն մէջ հաւաստիացուցած են Աֆղանիստանի հարեւան երկիրներու, ինչպէս նաեւ Իսլամական Հանրապետութեան մէջ գտնուող օտարերկրեայ դիւանագիտական առաքելութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու անդամներու համար սպառնալիքի բացակայութեան մասին:

ՆԱԹՕ-ի պետութիւններու մեծ մասը, ներառեալ ԱՄՆ-ը, արդէն սկսած են իրենց քաղաքացիներու տարհանումը՝ Քապուլի մօտ թալեպներու ջոկատներու արագ առաջխաղացման կապակցութեամբ։

Ամերիկացի դիւանագէտներու տարհանման համար Ուաշինկթոնն արդէն ձեռնամուխ եղած է լրացուցիչ զինծառայողներու տեղափոխման Աֆղանիստանի մայրաքաղաք։ Զօրքերու հիմնական մասը պիտի ժամանէ մինչեւ հանգստեան օրերու աւարտը: Այս մասին յայտարարած է Փենթակոնի մամուլի քարտուղար Ճոն Քիրպին։

Հիւսիսաթլանթեան դաշինքը մտադիր է որքան կրնայ օգնել Քապուլի մէջ կառավարութեան։ Այս մասին ըսուած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպըրկի յայտարարութեան մէջ:

Լոնտոնը պատրաստ է աշխատելու բոլոր անոնց հետ, որոնք կ'ուզեն թոյլ չտալ Աֆղանիստանը ահաբեկիչներու որջ դարձնելը։ Այս մասին բրիտանական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետ Պորիս Ճոնսընը։

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/08/2021, 08:38