Գիւմրի Գիւմրի 

Հայկական Ազգային Խորհրդանշաններու թանգարան Գիւմրիի մէջ

Թանգարանի ցուցադրութիւնը պիտի ներկայացնէ հայկական դրօշներու, զինանշաններու, եկեղեցական ու աշխարհիկ խորհրդանշաններու պատմութիւնն ու ծագումնաբանութիւնը՝ համալրուած բացառիկ ցուցանմուշներով։

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-րդ տարեդարձին առիթով, ս․ թ․ Սեպտեմբերին Գիւմրիի մէջ պիտի բացուի ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱՆՆԵՐու ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ։ Այս մասին տեղեկացուցած է Հայկ Դեմոյեանը իր Facebook-ի գրառումով։

Ըստ Դեմոյեանի՝ թանգարանի ցուցադրութիւնը պիտի ներկայացնէ հայկական դրօշներու, զինանշաններու, եկեղեցական ու աշխարհիկ խորհրդանշաններու պատմութիւնն ու ծագումնաբանութիւնը՝ համալրուած բացառիկ ցուցանմուշներով։

Թանգարանի բացման օրուան մասին կը տրուի լրացուցիչ տեղեկութիւն։

Այս տարուան վեց ամիսներուն ընթացքին Գիւմրիի մէջ կազմակերուած է երկու նոր թանգարան եւ մէկ պատմական ակումբ։

Քաղուած «Եռագոյն »էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2021, 11:09