Արա Գիւլերի գործը Արա Գիւլերի գործը 

Պոլսոյ մէջ Արա Գիւլերի 93-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս բացուած է

Արա Գիւլերի մեկնաբանութիւններով 75 պոլիսեան լուսանկար ընդգրկող հաւաքածուին ցուցադրութիւնը բացուած է Օգոստոս 16-ին՝ լուսանկարիչին ծննդեան օրը։
Ունկնդրէ լուրը

Աշխարհահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Գիւլերի ծննդեան 93-ամեակին առիթով Պոլսոյ «Կալաթա» աշտարակին մէջ բացուած է լուսանկարններու ցուցահանդէս։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Արա Գիւլերի մեկնաբանութիւններով 75 պոլիսեան լուսանկար ընդգրկող հաւաքածուին ցուցադրութիւնը բացուած է Օգոստոս 16-ին՝ լուսանկարիչին ծննդեան օրը։

Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ մինչեւ Հոկտեմբերի վերջ։

Արա Գիւլեր ծնած է 1928 Օգոստոս 16-ին Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէջ։  Աշխարհահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչ-լրագրողը յայտնի է  «Ստամբուլի աչք», «Ստամբուլի լուսանկարիչ», «100-ամեակի լաւագոյն լուսանկարիչ», «անգերազանցելի ֆոթոպատմաբան» կեղծանուններով։

Գիւլեր իր գործունէութեան ընթացքին լուսանկարած է այնպիսի հեղինակաւոր անձեր, ինչպէս՝ Ուինսթըն Չըրչըլ, Մարիա Գալաս, Ճոն Պերկըր, Պերդրան Ռասսէլ, Սալւատոր Տալի, Փապլօ Փիքասօ, Ինտիրա Կանտի եւ այլն։ Պոլսոյ մէջ գտնուող անոր հայրական տունը վերածուած է տուն-թանգարանի, իսկ առաջին յարկին վրայ գտնուող «Արա» սրճարանը նշանաւոր արուեստագէտներու հաւաքատեղի է։

Արա Գիւլեր մահացած է 2018 Հոկտեմբեր 17-ին եւ թաղուած Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող հայկական գերեզմանատան մէջ։

Աղբիւրը` «Եռագոյն»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2021, 08:11