Արարատ Միրզոյեան՝ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան՝ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար 

Արարատ Միրզոյեան՝ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը թափուր էր Մայիսի աւարտէն, երբ Արա Այվազեան հրաժարական ներկայացուց:

Արարատ Միրզոյեան նշանակուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար: Այս գծով հրամանագիրը նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրեց 19 Օգոստոսին՝ հիմք ընդունելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը թափուր էր Մայիսի աւարտէն, երբ Արա Այվազեան հրաժարական ներկայացուց:

Մինչեւ օրս արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարի պարտականութիւնները կը կատաէր Յուլիսի կէսերուն նախարարի առաջին տեղակալ նշանակուած Արմէն Գրիգորեան, որ զերծ կացուցուեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնէն:

Գրիգորեան 19 Օգոստոսին, վարչապետին ստորագրած որոշումով, դարձեալ նշանակուեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար:

Աղբիւրը` «Ասպարէզ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2021, 08:50