Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը 

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը դատապարտեց ատրպէյճանական սադրիչ գործողութիւնները

«Պաքուի սադրիչ գործողութիւններու ակնյայտ նպատակն է վտանգել մագլցումը թուլացնելու ջանքերը»
Ունկնդրէ լուրը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտեց ազրպէյճանական կողմի` Հայաստանի հետ սահմանին 16-17 օգոստոսին կատարած սադրիչ գործողութիւնները, որոնք ակնյայտօրէն կը նպատակադրեն վտանգել մագլցումի թուլացման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը եւ խաթարել շրջանային անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը:

Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ 16 օգոստոսին ազրպէյճանական զինուած ուժերը սադրիչ գործողութիւններու ձեռնարկեցին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ հատուածներուն մէջ` Երասխ բնակավայրի, Սիւնիքի մարզի Սեւ լիճի մօտակայքը եւ Գեղարքունիքի մարզին ուղղութեամբ` թիրախաւորելով սահմանամերձ համայնքներու խաղաղ բնակչութիւնը: Ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ արձակուող կրակոցները Գեղարքունիքի մարզի Սոթքի հատուածին մէջ շարունակուեցան նաեւ 17 օգոստոսին:

«Բացի ատկէ, Ազրպէյճանի զինուած ուժերու իրականացուցած հրաձգութեան պատճառով 16 օգոստոսին արձակազէնի արձակած կրակոցէ Երասխի հատուածին մէջ մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու զինուոր Վահան Թաթոսեանը, իսկ Գեղարքունիքի մարզին ուղղութեամբ թշնամիին կողմէ արձակուած կրակոցէ` զինուոր Արման Յակոբեանը: 17 օգոստոսին հրազէնային վիրաւորում ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու մէկ զինուոր: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն ու զօրակցութիւն յայտնելով զոհուած զինուորներու ընտանիքներու անդամներուն եւ հարազատներուն, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւոր զինուորին, յատկանշական կը նկատէ, որ այս գործողութիւնները կը զուգորդուին Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան եւ Արցախի դէմ ուժ կիրարկելու վերաբերեալ Ազրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ հնչող սպառնալիքներու հետ:

«Խստօրէն կը դատապարտենք ազրպէյճանական կողմէն սադրիչ գործողութիւնները, որոնք ակնյայտօրէն նպատակ  ունին վտանգելու մագլցումը թուլացնելու ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը եւ խաթարելու շրջանային անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւնը: Անոնք նպատակաուղղուած են խոչընդոտելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին ներքեւ խաղաղ բանակցութիւններու վերսկսումը, ինչպէս նաեւ վիժեցնելու շրջանային ապաշրջափակման գործընթացը եւ հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներու բացումը», կը շեշտէ նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հետեւողականօրէն պիտի պաշտպանէ իր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման ու իր հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքը:

Աղբիւրը «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2021, 08:19