Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցին Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցին 

1915 թուականէն ի վեր առաջին անգամ պատարագ մատուցուած է Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ

Թուրքիոյ իշխանութիւններուն որոշումով վերակառուցուելէ ետք, եկեղեցին պիտի ծառայէ նաեւ իբրեւ մշակոյթի կեդրոն
Ունկնդրէ լուրը

Արեւմտեան Հայաստանի Մալաթիա քաղաքին մէջ գտնուող հայկական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ 1915 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ եպս. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ պատարագ մատուցուած է: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի Դիմատետրի էջը:

Եկեղեցւոյ վերանորոգման վերջին աշխատանքները սկսած էին 2012 թուականին եւ տարբեր ուսումնասիրութիւններու, պետութեան հետ առնչուած հարցերու, ինչպէս նաեւ ոչ բաւարար պիւտճէի պատճառով մինչեւ 2021 թուական չէին աւարտած: 2021 թուականին եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները աւարտած են, եւ եկեղեցին 106 տարի ետք պատարագով կրկին իր դռները բացած է հաւատացեալներուն առջեւ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն որոշումով վերակառուցուելէ ետք, եկեղեցին պիտի ծառայէ նաեւ իբրեւ մշակոյթի կեդրոն:

Աղբիւր` «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2021, 08:05