«Աֆղան կիները գոյութիւն ունին. Կանգնինք միասին» «Աֆղան կիները գոյութիւն ունին. Կանգնինք միասին» 

«Աֆղան կիները գոյութիւն ունին. Կանգնինք միասին» Աֆղանիստանի կիներուն ի նպաստ քայլարշաւ։

«Աֆղան կիները գոյութիւն ունին ու մեզմէ կը խնդրեն. Թիկունք կանգնեցէք մեր ձայնին, թոյլ մի տաք որ անհետանանք, աշխարհ կարո՞ղ ես մտիկ ընել մեզի»։ Այս է հակիրճ կերպով քայլարշաւին կորիզը, որուն համար կազմակերպիչները կը հաստատեն թէ «կարելի չէ մեր աչքերը փակել պատահածին դիմաց»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Economy of Francesco» ցանցը, որ Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով ծնունդ առաւ 2019 թուականին, որուն մաս կը կազմեն համայն աշխարհէն երիտասարդ տնտեսագէտներ նպատակ ունենալով վերատեսել տնտեսութեան համակարգը ու զայն դարձնել աւելի ներառող եւ ոչ բացառող, որ հոգ կը տանի արարչութեան եւ ստեղծագործութեան առանց զայն չարաշահելու եւ ի միտ ունի նոր սլացք ու հոգի տալ վաղուան տնտեսութեան, ի տես Աֆղանիստանի մէջ տիրող վերջին օրերու իրավիճակին որոշած է` Շաբաթ 28 օգոստոս 2021ին Աֆղան կիներուն ի նպաստ ընդհանրական քայլարշաւ մը կազմակերպել, հանրութեան ուշադրութիւնը սեւեռելու աֆղան կիներուն ապրած ողբերգութեան վրայ որոնք այսօր նորէն ստրուկներ դարձած են որոնցմէ խլուած են ազատութիւնն ու իրաւունքները։

«Աֆղան կիները գոյութիւն ունին ու մեզմէ կը խնդրեն. Թիկունք կանգնեցէք մեր ձայնին, թոյլ մի տաք որ անհետանանք, աշխարհ կարո՞ղ ես մտիկ ընել մեզի»։ Այս է հակիրճ կերպով քայլարշաւին կորիզը, որուն համար կազմակերպիչները կը հաստատեն թէ «կարելի չէ մեր աչքերը փակել պատահածին դիմաց»։

Քայլարշաւին մասնակցելու համար բաւարար է` որ նման Աֆղան կիներուն ստիպողական հագուստ «պուրքայի» կապոյտ գոյնին կտաւ մը կախել մեր տուներու պատուհաններէն կամ մեր ձեռքերուն վրայ կռել կապոյտ գոյնով օղակներ, ձայն պարգեւելու համար աֆղան կիներուն ու պայքարելու համար անոնց դէմ որոնք կ՛ուզեն լռեցնել զանոնք։

«Քայլարշաւը պիտի կրկնուի ամէն շաբաթ օր մինչեւ այն ատեն որ այս մէկը անհրաժեշտ նկատուի։ Այժմէն իսկ մեր ձեռքերուն վրայ կռենք օղակները աֆղան կիներուն ըսելու համար. «Մենք ձեր հետն ենք, ձեզ կը տեսնենք. ձեզ կ՛ունկնդրենք», գրած են կազմակերպիչները, այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2021, 11:56