Լիբանան.Վառելանիւթի եւ հացի տագնապները կը շարունակուին Լիբանան.Վառելանիւթի եւ հացի տագնապները կը շարունակուին 

Լիբանան.Վառելանիւթի եւ հացի տագնապները կը շարունակուին երկրին մէջ։

Բանակն ու ապահովութեան ուժերը կը շարունակեն ցացայայտել ամբարուած պենզինն ու մազութը, մինչ կառավարութեան կազմութեան առումով լաւատեսութիւնը կը սառի

Վառելանիւթի եւ հացի տագնապները կը շարունակուին երկրին մէջ, մինչ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին գծով գէթ պաշտօնական նորութիւններ չկան` նկատի ունենալով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ հանդիպումը չկայացաւ: Իսկ երեկոյեան նախագահ Աունի եւ վարչապետ Միքաթիի աղբիւրներուն կողմէ սպրդեցուած յայտարարութիւնները յուշեցին, թէ կառավարութեան կազմութեան առումով լաւատեսութիւնը սառած է:

Պենզինի կայարաններուն դիմաց հերթ բռնած ինքնաշարժներուն պատճառով կը շարունակուի երթեւեկի խճողումը, իսկ կայարաններուն դիմաց կը շարունակուին բախումները, որոնք ամէնօրեայ դրութեամբ զինեալ բնոյթ կը ստանան:

Երէկ կէսօրին Պաթրունի մայրուղիին վրայ գտնուող կայարանի մը դիմաց կանգնելու առաջնահերթութեան վերաբերող կռիւ մը վերածուեցաւ զինեալ երեւոյթի, որուն ընթացքին անծանօթ զինեալ մը օդը կրակեց եւ ապա փախուստ տուաւ կայարանէն:

Լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը շարունակեցին երկրին տարածքին գտնուող պենզինի եւ մազութի պահեստանոցներուն փնտռտուքը` բացայայտելով մեծ քանակութեամբ պենզին ու մազութ` ամբարուած բնակարաններու մէջ, բացատներու մէջ, կալոններու մէջ, կայարաններու կողքին, ստորերկրեայ պահեստանոցներու մէջ եւ այլն:

Ներքին ապահովութեան ուժերը Հերմելի մէջ գտնուող պենզինի երեք կայարաններու մէջ բացայայտեցին աւելի քան 20.000 լիթր պենզին:

Նոյն ուժերը Համրա-Քանթարի շրջանին մէջ բացայայտեցին պենզին պարունակող 134 կալոններ (10 լիթրնոց):

Պետական անվտանգութեան ուժերը Մերժահիունի Թիպէ շրջանին մէջ կարմիր մոմով փակեցին կայարան մը, որուն մէջ 90.000 լիթր մազութ բացայայտուեցաւ:

Նոյն ուժերը Պշամունի մէջ բացայայտեցին 33.000 լիթր մազութ, որ պաշտօնական սակով վաճառուեցաւ շրջանի փուռերուն, իսկ Արեւմտեան Պեքաայի Մանսուրա գիւղաքաղաքին մէջ բացայայտուեցաւ 50.000 լիթր մազութ, որ ամբարուած էր ստորերկրեայ շտեմարանի մը մէջ:

Հալուսիէի մէջ գտնուող վառելանիւթի քանդուած ու լքուած կայարանի մը մէջ լիբանանեան բանակը բացայայտեց 11.500 լիթր մազութ եւ 9.800 լիթր պենզին, որոնք տրուեցան ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն, որպէսզի զանոնք օգտագործեն` շրջանի բնակչութեան ելեկտրականութիւն հայթայթելու:

Միւս կողմէ, վառելանիւթի ցրուիչներու ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա հաստատեց, որ ընկերութիւններուն մօտ պենզինի պահեստը սպառած է` աւելցնելով, որ մինչեւ օրս Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի եւ ելեւմուտքի նախարարութեան միջեւ համաձայնութիւն մը չկայ տակաւին:

Ան նշեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է այլեւս որոշում տայ` վառելանիւթին տրամադրուելիք նպաստին գծով:

Աղբիւրը` «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2021, 09:17