Լիբանանի մէջ տագնապի սկիզբէն ի վեր 1,2 միլիոն մանուկներ դադրած են դպրոց յաճախելէ։ Լիբանանի մէջ տագնապի սկիզբէն ի վեր 1,2 միլիոն մանուկներ դադրած են դպրոց յաճախելէ։  

Լիբանանի մէջ տագնապի սկիզբէն ի վեր 1,2 միլիոն մանուկներ դադրած են դպրոց յաճախելէ։

Քրիստոնէական դպրոցները դժուարութեան մէջ։ Քարթասին եւ Սուրբ Աթոռին օժանդակութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լիբանանը հարուածող տնտեսական, քաղաքական, մարդասիրական ու բարոյական տագնապի սկիզբէն ի վեր Լիբանանի կաթողիկէ դպրոցները եւս կ՛ապրին ճգնաժամային պահեր եւ ըստ վերջին տեղեկութիւններուն Լիբանանի մէջ 1,2 միլիոն մանուկներ դադրած են դպրոց յաճախելէ, ինչ որ “Save the Children” միջազգային կազմակերպութեան համար անընդունելի իրողութիւն մըն է, որովհետեւ կը խախտէ այդ մանուկներուն կրթութիւն ստանալու հիմնարար իրաւունքը։

«Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային տագնապը դարձաւ նաեւ կրթական աղէտ» ընդգծած այս առընչութեամբ Հայր Միշել Ապպուտը ակնարկելով բնակչութեան խաւերուն միջեւ անհաւասարութեան աճումին ու որակաւոր կրթութիւն ստանալու հնարաւորութեան պակասին, որուն թիրախները յաճախ չքաւոր ընտանիքներն են։

«Աղքատութիւնը արդարեւ մանուկներուն կրթութիւն հովանաւորելու հիմնական պատնէշներէն մին է» աւելցուցած է Հայր Ապպուտը` Լիբանանի ՔԱՐԻԹԱՍի նախագահը, մատնանշելով Լիբանանի ՔԱՐԻԹԱՍին այս ուղղութեամբ որդեգրած ջանքերուն, համագործակցութեամբ ֆրանսական կաթողիկէ բարեսիրական «Œuvre d'Orient» հաստատութեան, օգնութիւններ տրամադրելու Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի Քրիստոնեաներուն ու քրիստոնեայ դպրոցներուն, երաշխաւորելու նպատակով 120 հազար լիբանանցի երախաներուն դպրոց վերադարձը։

Լիբանանի մէջ Առաքելական Նուիրակութիւնը ապահովեցուցած է Սուրբ Աթոռին մասնակցութիւնն ու ոժանդակութիւնը` վերոնշեալ ծրագրին, որ կը ներառէ 235 քրիստոնեայ դպրոցներ ու վեց կաթողիկէ համալսարաններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2021, 10:11