Ռայի Պատրիարք Ռայի Պատրիարք 

«Կ՛աղօթենք, որ նախագահ Աունի եւ Միքաթիի միջեւ այսօրուան հանդիպումը դրական արդիւնքով աւարտի» շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մեր ձեռքերը մեր սիրտերուն վրայ են, սակայն յոյսը միշտ կը տապալէ յուսախաբութիւնը, եւ կը մաղթենք, որ հայրենիքն ու քաղաքացիները առաջնահերթութիւն նկատուին, որպէսզի կառավարութեան կազմութեան հարցը 24 ժամէն լուծուի», ըսաւ Ռայի պատրիաքը:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ յետմիջօրէին այցելեց Քըպէյյաթ եւ անոր շրջակայքը, ուր օրեր առաջ հրդեհներ բռնկած էին եւ գրեթէ ամբողջութեամբ հրկիզած անտառապատ այդ շրջանը:

Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնեց Քըպէյյաթի մէջ բռնկած այդ հրդեհներուն համար: Ան կոչ ուղղեց միջազգային բոլոր խորհուրդներուն օժանդակելու Աքքարի մէջ ծառատնկում կատարելու եւ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն օժանդակելու նպատակով:

«Կ՛աղօթենք, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ այսօրուան հանդիպումը դրական արդիւնքով աւարտի: Մեր ձեռքերը մեր սիրտերուն վրայ են, սակայն յոյսը միշտ կը տապալէ յուսախաբութիւնը, եւ կը մաղթենք, որ հայրենիքն ու քաղաքացիները առաջնահերթութիւն նկատուին, որպէսզի կառավարութեան կազմութեան հարցը 24 ժամէն լուծուի», ըսաւ Ռայի պատրիաքը:

Ան յայտնեց, որ Աքքարի մէջ ըլլալով կարելի չէ չմտածել լիբանանեան բանակին մասին, որովհետեւ այս շրջանը իր լաւագոյն տղաքն ու զաւակները նուիրած է լիբանանեան բանակին:

«Բանակը մեր արժանապատուութիւնն է եւ գերիշխանութիւնը, եւ կոչ կ՛ուղղենք եղբայր եւ բարեկամ բոլոր երկիրներուն` օժանդակելու Լիբանանի ապահովական կառոյցներուն, որովհետեւ առանց անոնց երկրին ցանկապատները փուլ կու գան», հաստատեց ան:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ լիբանանցիները փլուզման հետ մրցակցութեան մէջ են:

Ան նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ըստ երեւոյթին տակաւին ենթակայ է քաղաքական անձնաւորութիւններուն իշխանութեան եւ անոնց տրուած իրաւասութիւններուն միջեւ բախումներուն:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2021, 08:45