Աթէնքի մէջ անտառային հրդեհներ Աթէնքի մէջ անտառային հրդեհներ 

Տարածուող անտառային հրդեհներու պատճառով հազարաւոր մարդիկ լքած են Աթէնքի արուարձանը

Յունաստանի մէջ կան աւելի քան 50 անտառային հրդեհներ, որովհետեւ երկրին հարուածած է վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին ամէնէն սաստիկ տաքը:
Ունկնդրէ լուրը

Հազարաւոր մարդիկ ստիպուած եղած են լքել Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի արուարձան Թրաքոնմաքետոնեսը, երբ ուժեղ քամին տարածած է անտառային հրդեհները, որոնք հրկիզած են տուներ: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթը:

Յունաստանի մէջ կան աւելի քան 50 անտառային հրդեհներ, որովհետեւ երկրին հարուածած է վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին ամէնէն սաստիկ տաքը:

Տասնեակ հազարաւոր տուներ եւ շինութիւններ աւերուած են, այդ պատճառով ալ վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս խոստացած է արմատական փոփոխութիւն կատարել կլիմային առչնուող հարցերու մէջ երկրի մօտեցման մէջ:

Յունական Էւիա կղզիին մէջ մոլեգնած անտառային հրդեհը ոչնչացուցած է առնուազն 150 տուն: Կրակը շրջապատած է Ս. Դաւիթ վանքն ու տասնեակ մը գիւղեր: Այս մասին կը գրէ բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթը` մանրամասնելով, որ վանքի երեք վանականներ մերժած են հեռանալ, սակայն մօտակայ գիւղերէն բոլորը հեռացուած են:

«Մենք շնչահեղձ կ՛ըլլանք ծուխին պատճառով» գործակալութիւններէն մէկուն հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին պատմած է վանականներէն մէկը` նկարագրելով վանքը շրջապատող 30-40 մեթր բարձրութեամբ բոցերը:

Ոստիկանութիւնը յայտնած է, որ վանականներուն պիտի ստիպէ հեռանալ, եթէ անոնց կեանքին վտանգ սպառնայ: Լողափին վրայ հաւաքուած շուրջ 85 մարդ հեռացուած է հինգ նաւակով:

Աղբիւրը կը գրէ, որ ասիկա մէկն է շուրջ 100 անտառային հրդեհներէն, որոնք այս օրերուն պատուհասած են Յունաստանը:

Անցեալ հինգշաբթի առաւօտեան հրշէջները շարունակած են մարել Աթէնքի մօտ բռնկած հրդեհը, մինչդեռ ողիմպիական խաղերու «ծննդավայր» Օլիմփիայի քաղաքապետը օգնութիւն խնդրած է, որովհետեւ կրակը կը սպառնայ այդ վայրին: Օլիմփիայի մէջ շուրջ 100 հրշէջ կը պայքարի կրակին դէմ, անոնց կ՛օգնեն երեք ուղղաթիռ եւ երկու օդանաւ:

Հրդեհները բռնկած են, որովհետեւ Յունաստանը կը գտնուի տաքի ալիքի ճիրաններուն մէջ: Փորձագէտները նախազգուշացուցած են, որ համաշխարհային ջերմացումը կը մեծցնէ նման հրդեհներու յաճախականութիւնն ու ուժգնութիւնը:

«Այն ամէնը, ինչ որ կարելի է ընել թանգարանն ու հնագիտական վայրը փրկելու համար, ուրկէ սկսած են Ողիմպիական խաղերը, կատարուած է», ըսած է մշակոյթի նախարար Լինա Մենտոնի:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2021, 07:40