Հայիթիի մէջ երկրաշարժի զոհերուն թիւը հասած է շուրջ 1300-ի Հայիթիի մէջ երկրաշարժի զոհերուն թիւը հասած է շուրջ 1300-ի 

Հայիթիի մէջ երկրաշարժի զոհերուն թիւը գերացանցած է 1900-ը

Բարձրացած է նաեւ վիրաւորներուն թիւը` կը խօսուի շուրջ 7000 վիրաւորի մասին

Վատիկան Նիուզ

Հայիթիի մէջ երկրաշարժի պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը հասած է աւելի քան 1900-ի: Մինչ վիրաւորներուն թիւը գերազանցած է 10.000ը:

Անցեալ 14 օգոստոսին Հայիթիի ափերուն մօտ տեղի ունեցած էր 7,2 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ որուն հաշուեկշիռը օր ըստ օրէն կը դառնայ ողբերգական, մինչ տակաւին կը զգացուին ցնցումները։

Անցեալ կիրակի օր Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղած էր միջազգային հասարակութեան միայնակ չի թողելու Հայիթիի բնակչութիւնը ու զօրակցութեան հոգիով ձեռք երկարելու անոնց։

«Բոլորին զօրակցութիւնը թող կարողանայ մեղմացնել այդ աղէտին հետեւանքները» ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով «միասին աղօթք բարձրացնել Տիրամօր` Հայիթիին համար»։

Շարք մը երկիրներ արդէն պատրաստակամութիւն յայտնած են երկրին օգնելու` բնական աղէտին հետեւանքները վերացնելու գործին մէջ մինչ միջազգային Քարիթասը յիսուն հազար եւրօ յատկացուցած է, որպէս անմիջական աջակցութիւն, ու կոչ ուղղած է դրամահաւաքի, որուն սատարելու համար կարելի է դիմել սոյն հասցէին www.caritas.org/donate-now/haiti-earthquake-2021/։

Մինչ վերապրածներուն որոնողական աշխատանքները կը շարունակուին կը սպասուի «Կրէյս» ծովամրրիկին ժամանումը, ինչ որ աւելի մտահոգիչ կը դարձնէ կացութիւնը ու մարդասիրական աղէտին խրացումը երկրին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2021, 10:14