Թոքիոյի Փարալիմփիք խաղեր Թոքիոյի Փարալիմփիք խաղեր 

Հայաստանի Խումբը` Թոքիոյի Փարալիմփիք խաղերու բացման հանդիսութեան

Դրօշակակիրն ու միակ մասնակիցը սայլակաւոր աթլեթ Սթաս Նազարեանն էր, որ պիտի մասնակցի 100 մեթր վազքի մրցումին:

Երէկ` երեքշաբթի, 24 օգոստոսին, տեղի ունեցաւ Թոքիոյի փարալիմփիք խաղերուն բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան:

Դրօշակակիրն ու միակ մասնակիցը սայլակաւոր աթլեթ Սթաս Նազարեանն էր, որ պիտի մասնակցի 100 մեթր վազքի մրցումին:

Պատուիրակութեան ղեկավարն է Հայաստանի ազգային փարալիմփիք կոմիտէի նախագահ Յակոբ Աբրահամեան:

Սթաս Նազարեան 5-րդ անգամ ըլլալով կը մասնակցի փարալիմփիք խաղերուն:

Նշենք, որ 2018-ի ողիմպիական ձմեռնային խաղերուն ան պարադահուկային արագ վազքի մրցումներուն (1,1 քմ) գրաւեց 31-րդ դիրքը:

Թոքիոյի փարալիմփիք խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 162 երկիրներէ 4400 մարզիկներ:

22 մարզաձեւերու մէջ մարզիկները պիտի պայքարին 539 մետալներու համար:

Աղբիւրը` «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2021, 20:34