«Ֆրեսկո» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ֆիլմերու միջազգային փառատօն «Ֆրեսկո» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ֆիլմերու միջազգային փառատօն 

«Թիկունքը՝ մշակոյթ, Սահմանը՝ կեդրոն». Սկիզբ առաւ «Ֆրեսկո» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ֆիլմերու 8-րդ միջազգային փառատօնը

Օգոստոս 14-29 Հայաստանի մէջ կ՝իրականացուի «Ֆրեսկո» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ֆիլմերու 8-րդ միջազգային փառատօնը, որուն նպատակն է հոգեւոր եւ մշակութային երկխօսութեան միջոցով նպաստել մարդասիրական արժէքներու տարածման:
Ունկնդրէ լուրը

«Ֆրեսկո» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ֆիլմերու 8-րդ միջազգային փառատօնը այս տարի սկիզբ առաւ Տաւուշի մարզի Բերդաւան գիւղին մէջ՝ Թաթուլ Ալթունեանի անուան Հայաստանի երգի-պարի պետական խումբի համերգային ծրագիրով:

Հայրենիքի համար իրենց կեանքը տուած մեր հերոսներուն յիշատակը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելէ ետք՝ «Ֆրեսկո»-ի համահիմնադիրներ Շահէն Նազարենգոն եւ Աննա Կարապետեանը ազդարարեցին սկիզբը՝ կարեւոր համարելով յատկապէս հիմա Տաւուշի մէջ ամուր ոգին եւ հոգեւոր արժէքները պահելու գաղափարը։ Փառատօնի բացման ներկայ եղան Բերդաւանի գիւղապետ Սմբատ Մուղդուսեանը եւ Բերդաւանի գեղագիտական կեդրոնի տնօրէն Սամուէլ Սեւինեանը։ Համերգային ծրագիրին յաջորդեցին ֆիլմերու դիտում-քննարկումները։ ️

Նախօրէին Իջեւանի մէջ եւս Տաւուշի Թեմի «Արեւիկ» հասարակական-կրթական Կեդրոնի շարժանկար-դահլիճին մէջ իրականացան ֆիլմերու դիտում-քննարկումներ՝ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեանի ներկայութեամբ։ Ցուցադրուեցաւ Շահէն Նազարենգոյի «Հայոց Ասպետաց Հաւատամքը» (Հայաստան ) ֆիլմը, որուն նկարահանումները իրականացուած են մինչ պատերազմը, իսկ ֆիլմը վերջնական տեսքի բերուած է 44-օրեայ պատերազմէն ետք։ Յաջորդիւ ցուցադրուեցաւ բեմադրիչ Թամարա Ցոցորիայի «Բարձունքի յատակէն» (Ռուսիա) ֆիլմը, որուն հիմքը Ռուսիոյ պարալիմպիկ խաղերու երկակի ախոյեան Ա. Մոշգինի պատմութիւնն է։

Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 14-29 Հայաստանի մէջ կ՝իրականացուի «Ֆրեսկո» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ֆիլմերու 8-րդ միջազգային փառատօնը, որուն նպատակն է հոգեւոր եւ մշակութային երկխօսութեան միջոցով նպաստել մարդասիրական արժէքներու տարածման:

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս փառատօնը ունի յագեցած ծրագիր՝ Օգոստոս 17-19 կ՝իրականացուին ֆիլմերու դիտում-քննարկումներ, որոնք ներառուած են «Մանկական ծրագիր»ի եւ «Միջազգային փառատօնային օրեր»-ու ծիրին մէջ:

Փառատօնի երեւանեան ծրագիրին հանդիսաւոր բացումը պիտի ըլլայ Օգոստոս 20-ին Աբովեան փողոցի Սբ. Աննա եւ Սբ. Կաթողիկէ եկեղեցիներու մօտակայ տարածքին մէջ: Փառատօնը պիտի հիւրընկալէ միջազգային անուանի շարժանկարի գործիչներ, արուեստագէտներ, որոնք մեծ ներդրում եւ ըսելիք ունին հասարակական եւ մշակութային կեանքին մէջ:

Այս տարի փառատօնը մշակած է լայնածաւալ բացօթեայ համերգներու շարք՝ «#FrescoLive» խորագիրով: 2021 թուականի ծրագիրը կազմելու ժամանակ՝ «Ֆրեսկո» փառատօնի կազմակերպիչները հաշուի առած են երկրին մէջ տիրող յետպատերազմեան իրավիճակը, եւ ամբողջ ծրագիրը մշակուած է ներառական արժէքներու, հանրութեան ոգին ու հաւատը ամրացնող, գօտեպնդող, խթանող, զինուորները մեծարող, հայրենիքի համար իրենց կեանքը տուած հերոսներու յիշատակող ձեռնարկներով:

«Ֆրեսկո» միջազգային փառատօնը կ՝իրականացուի ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան գլխաւոր աջակցութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութեամբ եւ աջակցութեամբ:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2021, 20:38