Էլինա Դանիէլեան արժանացաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան տիտղոսին Էլինա Դանիէլեան արժանացաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան տիտղոսին 

Ճատրակ. Էլինա Դանիէլեան արժանացաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան տիտղոսին

Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացաւ հայրենի կրանտմասթըր Էլինա Դանիէլեան, որ եկաւ բարձր պահելու Հայաստանի անունը` դառնալով տիտղոսակիր:

Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացաւ հայրենի կրանտմասթըր Էլինա Դանիէլեան, որ եկաւ բարձր պահելու Հայաստանի անունը` դառնալով տիտղոսակիր:

Առաւելագոյն 11 կէտէն 9 կէտ ապահովելով` Էլինա Դանիէլեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի նոր ախոյեան:

***

Հայրենի կրանտմասթըր Էլինա Դանիէլեան երէկ` ուրբաթ, 2 օգոստոսին, հռչակուեցաւ Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան տիտղոսակիր:

Նշենք, որ անոր կատարած այս իրագործումը, նկատուեցաւ բաւական կարեւոր` նկատի ունենալով, որ Դանիէլեան Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան ժամանակաշրջանի առաջին հայ կին ճատրակ խաղացողն է, որ կը դառնայ Եւրոպայի ախոյեան:

Իսկ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս նուաճումը, նորանկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին նմանատիպ յաջողութիւնն է, թէ՛ աղջկանց եւ թէ՛ տղոց գծով:

Տիրանալով տիտղոսին, Դանիէլեան այսպիսով ապահովեց նաեւ աշխարհի բաժակի մրցաշարքի իր տոմսը:

Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի ճակատումներուն Դանիէլեան, որ ճերմակ քարերով մրցեցաւ Մայի Նարվայի դէմ (Էսթոնիա), արձանագրեց իր շատ կարեւոր յաղթանակը` 40-րդ շարժումին:

Այսպիսով, ան առաւելագոյն 11 կէտէն ապահովեց 9 կէտ (7 յաղթանակ եւ 4 հաւասարութիւն):

43 տարեկան Դանիէլեան 2001-ին հանդիսացաւ արագ ճատրակի Եւրոպայի անհատական ախոյեան, 2003-ին Հայաստանի հաւաքականի կազմին հետ հանդիսացաւ Եւրոպայի խմբային ախոյեան, իսկ 2011-ին` Եւրոպայի անհատական ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր:

Հայաստանի միւս ներկայացուցիչները արձանագրեցին հետեւեալ արդիւնքները.

Աննա Սարգսեան` 5-րդ (7,5 կէտ), Մարիամ Մկրտչեան` 21-րդ (6,5), Լիլիթ Մկրտչեան` 34-րդ (6,5), Սուսաննա Գաբոյեան` 60-րդ (5), Մարիա Գորգեան` 62-րդ (5) եւ Սիրանուշ Ղուկասեան` 88-րդ (4):

Այստեղ նշենք, որ Եւրոպայի ախոյեանութեան գլխաւոր իրաւարարն էր Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի իրաւարարներու յանձնախումբի նախագահ, միջազգային կարգի իրաւարար Աշոտ Վարդապետեան:

Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 29 երկիրներէ 117 կին խաղացողներ, որոնց կարգին` 5 կրանտմասթըրներ, 22 աղջկանց կրանտմասթըրներ, 22 միջազգային վարպետներ եւ 17 աղջկանց միջազգային վարպետներ:

Աղբիւրը` «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2021, 20:32