Մեսրոպեան Վարժարանի մէջ աւարտական հանդէս Մեսրոպեան Վարժարանի մէջ աւարտական հանդէս 

2020-2021. Մեսրոպեան Վարժարանի 30 աշակերտներ ստացան աւարտական վկայական

2020-2021 տարեշրջանի աւարտական հունձքը կոչուեցաւ վարժարանի Պէ.Թէ. դասարանի այս տարուան շրջանաւարտ, վաղամեռիկ Ներսէս Ներսէսեանի անունով, որ երկարատեւ հիւանդութենէ ետք աչքերը փակեց սոյն տարուան Յունիս 19-ին:
Ունկնդրէ լուրը

Տագնապներով եւ բազում դժուարութիւններով լեցուն յաջորդական երկրորդ տարեշրջանին եզրափակումին, 6 Օգոստոս 2021-ին տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի ամավերջի հանդէսը, որուն ընթացքին վարժարանի 30 աշակերտներ եւ ուսանողներ ստացան իրենց աւարտականի վկայականները: Հաշուի առնելով քորոնա վարակով պայմանաւորուած իրավիճակը, այս տարի եւս Արուեստիցին հանդէսը տեղի ունեցաւ Երկրորդականի հանդէսէն առանձնաբար:

2020-2021 տարեշրջանի աւարտական հունձքը կոչուեցաւ վարժարանի Պէ.Թէ. դասարանի այս տարուան շրջանաւարտ, վաղամեռիկ Ներսէս Ներսէսեանի անունով, որ երկարատեւ հիւանդութենէ ետք աչքերը փակեց սոյն տարուան Յունիս 19-ին: Մահուընէ երեք օր առաջ, Արուեստիցի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ այցելած էր Ներսէսին եւ անոր յանձնած՝ աւարտականի իր վկայականը:

Այս առիթով աւարտականներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ պարոն Կրէկուար Գալուստ կոչ ուղղեց ուսման եւ կեանքին մէջ գօտեպնդուիլ այն կամքով, վճռականութեամբ եւ հոգեկան քաջութեամբ, որմով հանգուցեալ Ներսէսը դիմաւորեց անողոք հիւանդութիւնը եւ պայքարեցաւ անոր դէմ մինչեւ վերջ: Ան կոչ ուղղեց չընկրկիլ կեանքի դժուարութիւններուն դէմ, որոնք յատկապէս ներկայիս կը ծանրանան բոլորիս վրայ, եւ հաստատուն մնալ մանաւանդ Հաւատքին մէջ, որպէս բանալի՝ բոլոր տագնապներու յաղթահարման: Պարոն Գալուստ թելադրեց ըլլալ ու մնալ միշտ աշխատասէր, քանզի միայն այդպէս կարելի է մնալ մտքով ու հոգւով առողջ, լաւապէս կայանալու համար կեանքի թէ ուսման ասպարէզներուն մէջ:

Հանդէսին ընթացքին ուսուցչական կազմին անունով խօսք առաւ տիկին Ռաքէլ Քեչեճեան: Աւարտականները արտասանեցին յաւուր պատշաճի խօսքեր, իսկ գեղարուեստական կատարումներու շարքին, խմբովին ելոյթ ունեցան “Դէպի երկինք” երգով, նուիրուած Ներսէս Ներսէսեանի յիշատակին:

Աւարտին, Մեսրոպեանի Արուեստից վարժարանի Պէ.ԹԷ. եւ Թէ.Էս դասարաններու 30 աշակերտներ եւ ուսանողներ ստացան իրենց աւարտականի վկայականները:

 

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԱՐՈԵՍՏԻՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

Մեսրոպեանի աւարտականներ
Մեսրոպեանի աւարտականներ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2021, 08:09